Ռայի Պատրիարք. «Կ՛աղօթենք «Ժընեւ-2» Խորհրդաժողովին Յաջողութեան Համար»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ իրենք կ՛աղօթեն «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին յաջողութեան համար` աւելցնելով, որ աղօթքը կը բարձրանայ նաեւ լիբանանցիներուն եւ քրիստոնեաներուն միասնականութեան համար:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց շրջանին տագնապները երկխօսութեամբ եւ փոխըմբռնումի հիման վրայ լուծելու կարեւորութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

