Ժեմայէլ Կոչ Ուղղեց Կազմելու Փոխանցման Շրջանի Կառավարութիւն Մը, Որ Կը Կազմակերպէ Նախագահական Ընտրութիւնները

Ամին Ժեմայէլ

Ամին Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ կէսօրէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց կազմելու փոխանցման շրջանի կառավարութիւն մը, որ կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները եւ կը կազմակերպէ նախագահական ընտրութիւնները:

«Մեզի համար կարեւորը այն է, որ կարենանք հոգալ լիբանանցիներուն կարիքները, ամրապնդենք երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապագան», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ աւելցուց նաեւ, որ նախագահական ընտրութիւններէն ետք անհրաժեշտ է կազմել նոր կառավարութիւն մը, որ պիտի մշակէ ընտրական նոր օրէնք մը, որուն հիման վրայ պիտի կատարուին երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Ան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պատասխանատուութիւնն է. ան աւելցուց, որ իրենք մնայուն կերպով կը խորհրդակցին անոնց հետ` յանգելու համար կառավարութեան այնպիսի կազմի մը, որ կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES