Թրիփոլիի Մէջ Զինեալ Բախումները Սաստիկ Թափով Կ՛ընթանան

Lebanon-TripoliԹրիփոլիի մէջ արձանագրուող զինեալ բախումներն ու արձակազինութիւնը հետզհետէ կը սաստկանան, յատկապէս Պաալ Մըհսենի եւ Թըպպանէի միջեւ:

Երեկոյեան զինեալ բախումները սաստկացան նաեւ Ռիվայի, Սթարքոյի, Օմրիի եւ այլ շրջաններուն մէջ, ուր օգտագործուեցան նաեւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետեր:

Զինեալ բախումները պատճառեցին երկու զոհ եւ 21 վիրաւոր, որոնցմէ երկուքը` բանակի զինուորներ, իսկ մէկը` ներքին ապահովութեան ուժերու անդամ:

Լիբանանեան բանակը հակադարձեց կրակոցներուն եւ շրջուն ջոկատներով խստացուց իր հսկողութիւնը` առանց սակայն ձերբակալութիւններ կատարելու:

Նշենք, որ բանակը նախանցեալ երեկոյեան Պատտաուիի մէջ ձերբակալած էր երեք յանցագործներ:

Ձերբակալման պատճառով Պատտաուիի բնակիչները փակեցին Թրիփոլին Աքքարի կապող մայրուղին:

Share this Article
CATEGORIES