Նախագահ Սլէյման Ֆատելի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Ֆատել
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի հետ եւ շնորհաւորեց զայն եգիպտական նոր սահմանադրութեան համար կատարուած հանրաքուէի արդիւնքներուն առիթով:
Ան գնահատեց Եգիպտոսի կողմէ դէպի ժողովրդավարութիւն եւ չափաւորականութիւն ուղղուիլը` մաղթելով Եգիպտոսի ապահովական կայունութիւնն ու բարգաւաճումը:
Նախագահ Սլէյման «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ տեղադրած իր կեցուածքին մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան շրջաններն ու լիբանանցիները արտաքին որեւէ յարձակումէ պաշտպանելը առաջնահերթութիւն է:
Ան զինուորական եւ ապահովական կառոյցներէն պահանջեց ապահովական բոլոր միջոցները որդեգրել` պաշտպանելու համար Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններն ու անոնց բնակիչները:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովական կարգ մը թղթածրարներու իմաստով բացուած հետաքննութիւններուն արդիւնքները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի եւ Ժամաա Իսլամիէի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ազզամ Այուպի` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Իմատ Հութի:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

