Նաամէի Աղբանոցը Փակելու Արշաւին Պատճառով Պէյրութն Ու Լեռնալիբանանը Վերածուեցան Աղբանոցի
Նաամէ-Այն Տարաֆիլ շրջանի աղբանոցը փակելու նպատակով անցեալ ուրբաթ օրուընէ ի վեր սկսած արշաւին շրջագիծին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը, որուն ընթացքին տրուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը:
Միւս կողմէ, լիբանանցին արդէն իսկ դէմ յանդիման կը գտնուի այլ տագնապի մը, որուն ծիրին մէջ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ աղբերը կը կուտակուին` «Սուքլին» ընկերութեան կողմէ երկու օրէ ի վեր աշխատանքը կասեցնելու որոշումին պատճառով:
Նշենք, որ «Սուքլին»-ի տնօրէնութիւնը յայտարարած է, թէ ընկերութեան աշխատանքները պիտի վերսկսին Նաամէի աղբանոցը տանող ճամբան բանալէ ետք:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Նաամէի աղբանոցի փակման արշաւը կազմակերպողները պետութիւնը պատասխանատու նկատեցին երկրին մէջ ստեղծուած այս տագնապին:
Անոնք դիտել տուին, որ «Սուքլին»-ի կողմէ աշխատանքը կասեցնելու այս սպառնալիքը անտեղի է եւ «Սուքլին»-ի կողմէ իր իսկ աշխատանքը պոյքոթի ենթարկելու որոշումը պիտի չմղէ զիրենք Նաամէի աղբանոցը փակելու արշաւէն հրաժարելու:
«Բնակարաններն ու գիւղերը աղբանոց չեն, իսկ մեր նստացոյցը խաղաղ է եւ բաց պիտի մնայ, մինչեւ որ «Սուքլին» ընդունի, թէ իր կատարած աշխատանքը ապօրինի է», նշեցին անոնք եւ ապահովութեան ուժերէն պահանջեցին գործադրել Նաամէի աղբանոցը փակելու որոշումը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ, որ իրենց արշաւը կը նպաստէ իւրաքանչիւր քաղաքացիի, որովհետեւ Նաամէի բնակիչները 16 տարիէ ի վեր կը դիմագրաւեն այս հարցը: Այս իմաստով անոնք կոչ ուղղեցին բոլոր լիբանանցիներուն` զօրակցելու իրենց նստացոյցին:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Նաամէի աղբանոցը փակելու արշաւը կազմակերպող յանձնախումբը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ երկրին գործադիր իշխանութիւնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք ինք պիտի կազմէ այս հարցին լուծման շտապ խորհուրդ մը:
Հանդիպումէն ետք որոշուեցաւ 48 ժամուան համար բանալ Նաամէի ճամբան` որոշ լուծումներու յանգելու նպատակով: Ճամբան բանալու որոշումին մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ աղբանոցին մօտակայքը լարուած վրանները պիտի պահուին ինչպէս որ են:
Աւելի ուշ արշաւի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռաղիտա Հալապի շեշտեց, որ 48 ժամուան համար Նաամէի աղբանոց տանող ճամբան բանալու որոշումը մերժուած է եւ նստացոյցը ի զօրու կը մնայ:

