Ընդդէմ Պարտադիր Կուտակային Համակարգի Բազմամարդ Հաւաք-Երթ` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

goudagayinՇաբաթ, 18 յունուարին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի» քաղաքացիական նախաձեռնութեան հաւաք երթը:

Երթին կը մասնակցէին նաեւ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները` ՀՅԴ-ն, Ժառանգութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստանը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը:

Հաւաք երթին մասնակիցները կը պահանջէին Սահմանադրական դատարանի 25 յունուարի նիստին կասեցնել եւ հակասահմանադրական նկատել «Կուտակային կենսաթոշակային բարեփոխումներու մասին» օրէնքը:

Հաւաքին մասնակիցները կը վանկարկէին «Կասեցում», «Յաղթանակ», «Մենք ենք տէրը մեր երկրին» եւ այլ կարգախօսներ: Անոնք պարզած էին «Ո՛չ գրպանահատութեան», «Ո՛չ պարտադիրին», «Դուրս եկէք մեր գրպանէն», «Ո՛չ իշխանական տզրուկներուն», «Ո՛չ հոգեւոր ամբարտաւանութեան» գրութիւններով պաստառներ:

Հաւաքին ելոյթներով հանդէս եկան ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան, Ժառանգութիւն խմբակցութեան անդամ Ռուբէն Յակոբեան, Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան եւ շարժումին երիտասարդ կազմակերպիչները:

Հաւաքը բազմամարդ էր: Ներկայ էին նաեւ 1974-էն աւելի կանուխ ծնած մարդիկ, որոնց վրայ նոր օրէնքը չի տարածուիր:

 

Share this Article
CATEGORIES