Պոլսոյ Մէջ Ցուցարարները Արդարութիւն Կը Պահանջեն Տինքի Հարցով
Հազարաւոր ցուցարարներ երէկ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ արդար դատավարութիւն պահանջեցին հայազգի անուանի լրագրող, հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով:
52-ամեայ Հրանդ Տինք սպաննուած էր 7 տարի առաջ` 19 յունուար 2007-ին:
Թաքսիմի հրապարակին վրայ ցուցարարները կը վանկարկէին «Մարդասպան պետութիւնը պէտք է պատասխանատուութեան կանչուի» եւ «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք, բոլորս հայ» կարգախօսները:

