ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Դեսպան Զասպիքին եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Արամ Ա. կաթողիկոս երէկ առաւօտուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասփիքինը:

Դեսպանին այցելութեան հիմնական նպատակը վեհափառը տեղեակ պահել էր Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող շարժումներուն եւ յատկապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան նկատմամբ Ռուսիոյ մօտեցման մասին: Դեսպանը, որ մօտէն ծանօթ է շրջանին` ծառայած ըլալով արաբական երկիրներուն, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ, նախ իր արժեւորումը կատարեց ընդհանուր կացութեան` յայտնելով, որ Ռուսիան չի բաժներ Միացեալ Նահանգներու կտրուկ ու մարտունակ մօտեցումը: Ռուսիոյ համաձայն, տեղական պայմանները անհրաժեշտ է նկատի ունենալ եւ հաւասարակշռուած ու իրապաշտ մօտեցումներ որդեգրել նման զգայուն կացութիւններու գծով: Միաժամանակ դեսպանը յայտնեց, որ ներքին բարեկարգումը կենսական է:

Վեհափառը բաժնելով դեսպանին մտահոգութիւնը իր կարգին շեշտեց ներքին բարեկարգումը անհրաժեշտութիւնը եւ ողջունեց վերջերս Սուրիոյ նախագահին այս ուղղութեամբ կատարած յայտարարութիւնները: Այս ծիրին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս յատկապէս յիշեցուց Ռուսիոյ դեսպանին, որ քրիստոնեայ համայնքները Միջին Արեւելքի մէջ կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէրներ: Հետեւաբար, ապահովութիւնը, կայունութիւնը, տնտեսական բարգաւաճումը, քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը կենսական տուեալներ են քրիստոնեայ համայնքներու կազմակերպ պահպանման համար:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի կացութեան առնչուած հարցեր, յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք: Դեսպանը յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, մաղթելով, որ ան ըլլայ ամբողջ Լիբանանը ներկայացնող կառավարութիւն, ո՛չ միայն իր յայտարարութեամբ, այլ իր աշխատանքով: Վեհափառը յիշեցուց  դեսպանին, որ հայ համայնքը միշտ վեր կը մնայ բոլոր կողմերէն, ու կառչած` Լիբանանի գերագոյն շահերուն, ինչ ալ ըլլայ կառավարութեան կազմը կամ ընդհանուր ուղղութիւնը:

Այս առիթով նաեւ վեհափառը ողջունեց հայ եւ ռուս ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ հայ եւ ռուս եկեղեցիներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութիւնը եւ գործակցութիւնը: Ան ըսաւ, որ քառասուն տարիներու վրայ երկարող անձնական բարեկամութիւն գոյութիւն ունի իր եւ Ռուս եկեղեցւոյ  հոգեւոր պետ Քիրիլ պատրիարքին միջեւ: Վեհափառը նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Ղարաբաղի եւ Հայ դատի գծով Ռուսիոյ ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES