ՆՇԵԼԷ ԵՏՔ, ԹԷ «ԲԱՐԵԿԱՄԸ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆ ՅԱՅՏՆԻ Կ՛ԸԼԼԱՅ» ՄՈԱԼԼԵՄ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԻՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐԸ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼՈՒ

Նախարար Ուալիտ Մոալլեմ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ սուրիական պատկերասփիւռի կայանին կողմէ ուղղակի սփռուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին բազմաթիւ ուղղութեամբ դիւանագիտական նշանակալից պատգամներ ուղղեց:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին զգալի էր սուրիացի լրագրողներուն մօտ Թուրքիոյ կեցուածքներուն նկատմամբ զայրոյթը: Լրագրող մը մինչեւ իսկ սուրիական իշխանութիւնները այպանեց թրքական կողմէն հնչող յաւակնոտ արտայայտութեանց չհակազդելնուն համար: Տիրող մթնոլորտին մէջ բնական էր, որ հարցումներուն մեծամասնութիւնը վերաբերէր Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ Թուրքիոյ կեցուածքներուն:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը Թուրքիոյ կոչ ուղղեց իր կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկելու: «Այն բարեկամները, որոնք նախագահ Ասատի ճառը լսելէ ետք կռնակ դարձուցին, պէտք է իրենց կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկեն», ըսաւ ան` յիշեցնելով, որ «բարեկամը նեղութեան ատեն յայտնի կ՛ըլլայ», իսկ «միակողմանի սէրը կը սպառէ»: Ան տողատակի սպառնալով նշեց, որ Սուրիա չ՛ուզեր Թուրքիոյ հետ ռազմավարական յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկել, «ուստի անհրաժեշտ է, որ անոնք իրենց կեցուածքը վերատեսութեան ենթարկեն»: Ան յիշեցուց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վերջին ճառին ընթացքին արտայայտուած կեցուածքը. «Մենք որեւէ մէկէն դաս չենք առներ եւ երբ բարեփոխումները կատարենք, ուրիշներուն դաս պիտի տանք»: Մոալլեմ ըսաւ, որ Սուրիա շրջանին պիտի ներկայացնէ ժողովրդավարութեան սուրիական բնորդ մը, որ սուրիական «արտադրութիւն» պիտի ըլլայ: Աւելի՛ն. ան նշեց, որ իր տրամադրութեան տակ գտնուող փաստերը ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներու հիւրընկալման համար կանգնեցուած վրանները սուրիական բանակին Ժըսըր Շուղուր մուտք գործելէն մէկ շաբաթ առաջ կանգնեցուած էին, իսկ շրջանին մէջ գործող զինեալները քաղաքայիններուն ստիպած են Թուրքիա մեկնիլ:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ քննադատեց եւրոպական պետութիւնները` յայտնելով, որ Դամասկոս Միջերկրականեան գործընկերութեան իր անդամակցութիւնը սառեցնելու հարցը կը սերտէ: «Պիտի մոռնանք, որ քարտէսին վրայ Եւրոպա մը կայ, եւ ղեկավարութեանս պիտի յորդորեմ սառեցնել Միջերկրականեան գործընկերութեան մեր անդամակցութիւնը»: Ան ըսաւ, որ Սուրիա իր հայեացքը պիտի ուղղէ արեւելք, հարաւ եւ բոլոր անոնց, որոնք Սուրիոյ ձեռք կ՛երկարեն:

Ան մասնաւորաբար Ֆրանսան քննադատեց եւ կոչ ուղղեց, որ ան հրաժարի «մարդկային իրաւանց պիտակին տակ գաղութատիրական իր քաղաքականութենէն»: Ան յատկապէս քննադատեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց Ալեն Ժիւփէն եւ յայտնեց, որ ան Սուրիոյ մէջ որեւէ դերակատարութիւն պիտի չունենայ:

Մոալլեմ բոլոր անոնց, որոնք Սուրիոյ մէջ միջամտութիւն կը կատարեն` կոչ ուղղեց. «Սուրիոյ ներքին հարցին միջամտելէ դադրեցէ՛ք®իրարանցում ու սադրանք մի՛ գրգռէք»: «Սուրիական կարաւանը պիտի քալէ, իսկ շուները պիտի հաչեն», ըսաւ ան:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան եւ հերքեց այդ հարցին մէջ սուրիական որեւէ դերակատարութիւն` յայտնելով, որ խելացի եղողը գիտէ, թէ Սուրիոյ նախագահը ներկայիս ժամանակ չունի այդպիսի հարցով զբաղելու: Ան նաեւ մերժեց Հըզպալլայի կամ Իրանի կողմէ գործնական որեւէ օժանդակութեան առկայութիւն` յայտնելով, որ անոնք միայն քաղաքական զօրակցութիւն կը ցուցաբերեն:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները ընդլայնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած է: Նոր պատժամիջոցներուն մէջ ներառուած են 4 կառոյցներ եւ 7 անհատներ, որոնցմէ երեքը` իրանցիներ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Ասատին կոչ ուղղեց հետաքննիչ յանձնախումբերու եւ մարդասիրական օժանդակութեանց Սուրիա մուտքը արտօնելու: Ան երկրորդ նստաշրջանի մը համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար ընտրուելէ ետք «Պի.Պի.Սի.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին «Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումներուն նկատմամբ» մտահոգութիւն յայտնեց:

Այլ շրջագիծի մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլանտ յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ Սուրիոյ մէջ պաշտօնավարող այլ դեսպաններու հետ այցելած է Ժըսըր Շուղուր եւ անձամբ ականատես դարձած է «սուրիական կառավարութեան վայրագութեան, եւ տեսածը ամայի քաղաք մըն էր»:

Նիւլանտ ըսաւ, որ դեսպան Ֆորտ «պիտի շարունակէ ոչ միայն սուրիական կառավարութեան, այլ նաեւ ընդդիմութեան բացատրել մեր կեցուածքը, թէ այս վայրագութիւնը պէտք է վերջ գտնէ, եւ այն, ինչ որ կ՛ուզենք տեսնել, գործեր են եւ ոչ թէ խօսքեր»: Ան շեշտեց, որ դեսպան Ֆորտի Սուրիա ներկայութիւնը կենսական է, որպէսզի շարունակէ իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան վստահեցնել, որ Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւն ուզողներուն կողքին է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES