Վարդան Մինասեան Կը Հերքէ

vartanՎերջին օրերուն ղազախական զանգուածային լրատուամիջոցները հրապարակեցին շարք մը տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիչ Վարդան Մինասեան կրնայ գլխաւորել Ասթանան:

Այս առնչութեամբ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ ըստ vesti.kz կայքին, Մինասեան ոչ միայն կրնայ գլխաւորել Ասթանան, այլ նաեւ` Ղազախստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ ներկայիս առանց մարզիչի է:

Ասկէ մեկնելով` հայկական աղբիւրը կապի մէջ մտնելով Մինասեանի հետ անկէ իմացաւ, որ վերոնշեալ երկու խումբերը գլխաւորելու առնչութեամբ որեւէ բանակցութիւն տեղի չէ ունեցած:

 

Share this Article
CATEGORIES