Պարսելոնա Մերժեց Քաթարեան Հսկայական Առաջարկ Մը

NouCampՍպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա կրնար 350 միլիոն եւրօ վաստկիլ, եթէ համաձայն գտնուէր ակումբին պատկանող «Քամփ Նու» մարզադաշտը վերանուանել «Քամփ Նու Քաթար», յայտնեց sov.sport կայքը:

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը մէջբերելով Euromericas Sport Marketing կայքին հրապարակած լուրը յայտնեց, որ քաթալոնական ակումբը կտրուկ կերպով մերժեց այս հսկայական առաջարկը:

Share this Article
CATEGORIES