Բերդապահ Արմէն Խաչատրեան Տեղափոխուեցաւ Ալաշկերտ

armen-khatchadrianՄիքայի 29 տարեկան բարդապահ Արմէն Խաչատրեան, նախորդ շաբաթավերջին լքելով իր կազմը միացաւ Ալաշկերտի, որ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէր:

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ ան իր նոր կազմին հետ մեկնեցաւ Անթալիա` երկու շաբթուան ուսումնամարզական հաաքի մը մասնակցելու համար:

Արմէն Խաչատրեան Փիւնիկի սան է: Ան անցեալին եղած է Հայաստանի երիտասարդներու ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին բերդապահը:

Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է Կիլիկիայի, Գանձասարի եւ Միքայի:

 

Share this Article
CATEGORIES