Աշխարհի Լաւագոյն Ակումբը 3-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Սալզպուրկէն
Պայէրն Միւնիխ, որ Տոհայի մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ, 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց աւստրիական Սալզպուրկէն:
Աշխարհի լաւագոյն ակումբը հանդիսացած Պայէրն Միւնիխ իր բերդէն ներս այդ երեք կոլերը ստացաւ Ա. կիսախաղին` 14-րդ, 21-րդ (փենալթիով) եւ 44-րդ վայրկեաններուն:
Նախքան այս մրցումը, գերմանական ակումբը յաջորդաբար յաղթեց Մերէյքի (2-0) եւ Քուէյթի (8-0):
Այսպիսով, իր կրած այս պարտութեամբ Պայէրն աւարտեց իր ուսումնամարզական հաւաքը:
«Պունտըսլիկա»-ի ձմեռնային դադարէն ետք, Պայէրն 25 յունուարին պիտի մրցի Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

