Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Պէյրութի Դրամատունը 2-1 Արդիւնքով Գերազանցեց Սատաքան
Շաբաթ, 18 յունուարին տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին երրորդ ճակատումը` ախոյեան Սատաքայի եւ Պէյրութի դրամատան միջեւ:
Սատաքայի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, Սատաքա 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով պատճառ դարձաւ, որ Պէյրութի դրամատունը 2-1 արդիւնքով գերազանցէ ախոյեանը:
Անոնց միջեւ չորրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 22 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» մարզահամալիրին մէջ:
Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Պէյրութի դրամատունը պիտի հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
CATEGORIES Մարզական

