ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Ճատրակի Մրցումներուն Մասնակցեցան 108 Երկսեռ Աշակերտներ

all-the-winnersՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբի կազմակերպած ճատրակի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 19 յունուարին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ` մասնակցութեամբ 108 աշակերտ -աշակերտուհիներու, որոնք կը ներկայացնէին Աբգարեան, Յառաջ, Սոֆիա Յակոբեան, Եղիշէ Մանուկեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Թէքէեան, Նազարեան, Հայ Աւետարանական քոլեճ, Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Շամլեան, Թորոսեան, Ճեմարան, Մեսրոպեան եւ Հարպոյեան վարժարանները:

Մրցումները, որոնք սկսան ժամը 2:00-ին ընթացան բաւական սուր մրցակցութեամբ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, զոր կատարեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայ ու նախկին անդամներ Վաչէ Ծատուրեան, Վրէժ Աբրահամեան եւ Էլի Հուլիշեան: Վերջինս մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարարն էր:

Անհատական մանրամասն արդիւնքները կու տանք յառաջիկային` նկարներով:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
(www.levam.org)

 

Share this Article
CATEGORIES