Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Դրամատնային հարցեր կարգադրելու համար պիտի ստիպուիք նոր որոշումներ տալ` կարենալ հաւասարակշռելու համար առեւտուրի հաշիւները:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ արուեստի գործով զբաղող մըն էք, պիտի կարենաք նոր ներշնչումով ստեղծագործական յայտնաբերում ունենալ: Օրը շահաւէտ է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ երեխաներով կամ պատանիներով զբաղելու աշխատանք կը տանիք, պիտի հետեւիք դեռատի զաւակներու կամ դպրոցականներու ուղղութիւն տալ` իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Տարուած էք ձեր անձնական աշխատանքները աւարտելու աշխատանքով: Այս բնական պարտաւորութիւն է, բայց նոյն ատեն մի՛ մոռնաք ընտանեկան եւ ընկերային պարտաւորութիւնները, որոնք եւս կարեւոր են:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կարելի չէ իւրաքանչիւր անձի համոզումները կամ հաւատալիքը փոխել ու ենթարկել ձեր տեսակէտին: Ձգեցէք, որ իւրաքանչիւր անձ ընթանայ իր ճամբով:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր շրջապատը պիտի ունենայ նոր նախաձեռնութիւն, որուն պիտի հետեւիք նաեւ դուք: Ուրիշներուն աշխատանքը գնահատեցէք, որպէսզի ընկերային ձեր կեանքը խաղաղ ըլլայ: Մի՛ հակառակիք ոեւէ մէկուն ճաշակին կամ կեցուածքին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կեանքը ընդունեցէք այնպէս, ինչպէս որ է: Ամէն ձախողութիւն ուրիշին քով մի՛ տեսնէք, քիչ մըն ալ քննարկեցէք ձեր ըրածը, դուք ձեզ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մանուկները զուարճացնելու ձեւ մը գտէք` պտոյտ մը, մանկական շարժանկար մը, կամ հեքիաթներու աշխարհէն ներս երազային պահեր ստեղծելու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բախտը շուքի կը նմանի, որքան հետապնդէք, այնքան շուտ կը փախչի: Բախտը գուշակելը ոչ ոքի գործն է: Բախտը կու գայ անակնկալի ճամբով:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երկար ատենէ ի վեր ձեր չտեսած բարեկամէ մը լուրեր պիտի ստանաք: Այս նորութիւնը պիտի զարմացնէ ձեզ, որովհետեւ կը կարծէիք, թէ ձեզ յիշող անձը մոռցած է անցեալը եւ բարեկամութիւնը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուշադիր եղէք ձեր ծախսերուն, ինչպէս որ կ՛ընէք միշտ. այսուհանդերձ, մնացէք կրկնակի ուշադիր` քսակահատներէ զերծ մնալու համար: Անոնք շատ են այս օրերուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ընտանի անասուններով կը զբաղիք, հետաքրքրուեցէք անոնց առողջութեամբ, որպէսզի վնասակար մանրէ մը անհաճոյ հարցեր չստեղծէ: Անասունները շատ պէտք ունին խնամքի:

Share this Article
CATEGORIES