50 Տարի Առաջ (21 Յունուար 1964)

Ֆրանսական Պատկերասփիւռի
Կայանը Վարդանանքի Մասին

Ֆրանսական պատկերասփիւռը անցած չորեքշաբթի իր «Ընթերցումներ բոլորին համար» յայտագրին մէջ ներկայացուցած է նաեւ ֆրանսական «Սթոք» հրատարակչականին նոր լոյս ընծայած «Վարդանանք»-ը ֆրանսերէնով:

Խօսած են Փիեռ Տեկրոփ եւ Վիքթոր Կարտոն, որ ֆրանսերէնի թարգմանած է «Վարդանանք»-ը:

Փիեռ Տեկրոփ ներկայացուցած է Վարդանը իբրեւ հայ Ժան տ՛Արք մը, պաշտամունքի առարկայ աստուած մը` հայերուն համար: Յայտնած է, որ Վարդան միակ զօրավարն է եղած, որ յաղթանակ մը տարած է իր մահէն ետք, աւելցնելով, թէ Աւարայրի ճակատամարտը մեծ դեր խաղացած է Արեւմուտքի պատմութեան մէջ ալ:

Վիքթոր Կարտոն խօսած է բուն իսկ կռիւներուն մասին եւ` շեշտած, թէ «Վարդանանք»-ը պէտք է նկատել ժողովրդական առաջին պատերազմը ու նաեւ` քրիստոնէութեան պաշտպան առաջին պատերազմը: Խօսած է նաեւ այն ճակատագրական դերին մասին, զոր խաղաց Աւարայրի պատերազմը Արեւմուտքի համար, արգելք հանդիսանալով, որ արաբները Պալքաններն իջնեն: Պատմած է Վարդանի եւ իր 1036 ասպետներու նահատակութիւնը, Փիեռ Տեկրոփն ալ այդ առթիւ յիշած է Ռընէ Կրուսէի վկայութիւնը, որ կ՛ըսէր, թէ Աւարայր հազար տարի շահիլ տուած է քաղաքակրթութեան: Կարտոն պատասխանելով Տեկրոփի հարցումին` բացատրած է, թէ «Վարդանանք»-ի ֆրանսերէն հրատարակութեան մէջ, իր դերը եղած է առաւելաբար վերածողի դեր մը: Արդարեւ, Դերենիկ Դեմիրճեանին վէպը թարգմանած է Տիգրան Քիրազեան, վերածումն ու ամփոփումը կատարած է Վիքթոր Կարտոն: Երբ Փիեռ Տեկրոփ հարցուցած է, թէ ի՞նչ բան զինք մղած է այդ աշխատանքին, Կարտոն յայտնած է, թէ աղբիւրի մը ջինջ ակը վերադառնալու փափաք մըն է: Երբ միշտ ուիսքի, վոտքա կամ քոնեաք խմէ մարդ մը, յանկարծ անզսպելի փափաք կը զգայ վտիտ աղբիւրի ջուր խմելու:

Ընդհանուր կերպով` յաջող զրոյց մը, որ կը ծառայէ հայ մշակոյթի տարածման օտար զանգուածներու մօտ, եւ գնահատելի է աշխատանքը, որ կը տարուի այս ուղղութեամբ:

 

Խորհրդածութիւններ

Մայր Տաճարի Գմբէթին Տակ

(Գարեգին Եւ Արտաւազդ Եպիսկոպոսներու
Ձեռնադրութեան Առթիւ)

Երիտասա՛րդ էր, աւելի երիտասարդացաւ մեր եկեղեցին` հակառակ իր հնագոյն վէպին, հակառակ իր փառահեղ ալեւոյթին: Որքան ամո՛ւր են սրբաճաճանչ խաչն ու հովուական ոսկեզօծ գաւազանը գարնան տարիքով կենսառոյգ մեր առաջնորդներու ձեռքերուն մէջ: Հայրապետէն սկսեալ մինչեւ նոր կարգաւորները երբեք այսքան կորովի ու անձնդիր փեսաներ չէր ունեցած աստուածավառ լոյսերով պերճօրէն հանդերձեալ մեր հա՛րս եկեղեցին:

Ի՛նչ հոգեպարար զգլխանք` պարտիզպանինը, որ աշնանամուտին աւշազուրկ ճիւղերն ու ոստերը յօտած ծառերուն` գարնան կը տեսնէ ծլարձակիլը, ծաղիկ ու տերեւ կապելը ոսկեցնցուող արեւին տակ:

Կ՛ապրի՛ այս ժողովուրդը, որովհետեւ կը սիրէ թարմութիւնը, երիտասարդութիւնը: Գիտէ հաւատք ու յոյս կապել արժանաւորին, գնահատել լիաբուռն` բարոյական ու հոգեկան իր վաստակին ներկայացուցիչները: Յեղափոխական ժողովուրդ, որ կը գուրգուրայ միաժամանակ դարաւոր իր աւանդութիւններուն: Կու տայ իշխանական ցուպը կարշնեղ բազուկին ու վառ կը պահէ յիշատակի խնկամանը իր մեծ ննջեցեալներու գերեզմանին վրայ:

***

Գործ մը կը մնայ կանգո՛ւն, ազգ մը յաղթականօրէն կը դիմակալէ, երբ հոգեկան ու բարոյական կապը անխզելի կը մնայ մեկնողին ու նոր ժամանողին միջեւ:

Եօթնամեայ խաչելութեան մը տառապալի աշխատանքով, վաղաժամօրէն ննջեցեալ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. հոգեկան անկապտելի զօրքով փորեց գետինը, արնաթոր մատներով դրաւ ամրակուռ հիմքը, ու հիմա Անոր լծակիցն ու երախտարժան յաջորդը` Խորէն Ա. ճարտարապետական նոյն ագուցուածքով յառաջ կը տանի կառուցման գործը: Դարաւոր տոկունութիւն ունի շէնքը, որովհետեւ ներդաշնակ ու սրբատաշ են որմերը` երիտասարդ միաբանները, եւ անքակտելի է շաղախը` հայ ժողովուրդի միաբանական սէրն ու հաւատքը:

Անթիլիասի վանքը մենաստան մը չէ այլեւս, այլ` հաւաքական ապրումի ուխտավայրը, ազգային իտէալներու իրագործման զսպանակը, հոգեւոր կեանքի ամրապինդ ու ադամանդակուռ գօտին:

Ամէն մէկ քարը աւետարան մըն է ներշնչումի, ամէն մէկ ծառը ոգի մ՛ունի մաքրահեւ:

***

Բայց ինչո՞ւ ներաշխարհի բերկրանքը բիւրեղեայ տամկութեամբ մը կը փշրի աչքերու մէջ վեհագոյն սա պահուն, երբ վեհափառը, հանդիսաւոր օրհնութեամբ, եպիսկոպոսական խոյրը կը դնէ նոր օծեալ երիտասարդ եպիսկոպոսներու գլխուն, կը յանձնէ խոնարհ ծառայութեան մականը անոնց եւ կ՛օղակէ անգամ մը եւս զանոնք եկեղեցիին, ճանճանչաւուխտ մատնիով մը: Ինչո՞ւ հոգիները յաղթանակով մը կը նուաճուին, կը թեթեւնան բեռէ մը եւ կը դառնան, սրբազան այդ վայրկեանին գոնէ, Աստուծոյ բնակարանը: Անոր համար անկասկած, որ ամէն մարդ իր էութենէն մաս մը կը գտնէ երկնային փառաց սահմանեալ նորապսակներու անձին մէջ: Աշխարհիկ հաճոյամոլութիւններու, մարդկային տկարութիւններու առօրեայ հպատակները` գաղափարական, աստուածամերձ նպատակի իրենց ձգտումի շաւիղին վրայ` այդ պահուն առիթը կը գտնեն կարծես ուրիշով մը զիրենք կանչող, բայց իրենց անմատոյց մնացող երազի մը իրականացումը: Ատոր համար ալ սրտերու խորէն կը բխի ձեռնադրեալներու արեւշատութիւն, յաջողութիւն աղերսող մաղթանքը:

Որքան խաղաղ ու ինքնավստահ է հայու հոգին լուսողող ու խնկապարոյր այս կամարներուն տակ: Նոյեան տապան, աշխարհի նիւթական զգայարանական ջրհեղեղներու վրայ:

***

Ու հիմա ինչպէ՞ս չսիրել այս եկեղեցին, ինչպէ՞ս չհաւատալ Աստուծոյ, երբ հոգեշունչ շարականներու ադամանդէ տարափը հրեշտակներու երկնային համերգով կը լեցնէ սրտերը: Կարծես հոգիներէ կը բարձրանայ քաղցրաբոյր խունկը` որպէս հոտեան աղօթք, որպէս հոգեզմայլ երազ, անուրջի թեւերը տարածելով չորս դին: Ինչպէ՞ս չանէանալ ճառագայթէ համերգ յօրինող գունավառ սա ջահերուն տակ: Սա կամարներուն տակ ինչպէ՞ս չսրբագործուիլ ու չհայանալ, երբ կը թեւածէ աղաւնակերպ Շնորհալին եւ Աստուծոյ շունչը կը պտտցնէ Նարեկացիի խռովակոծ հոգին:

Ալ ինչո՞ւ զարմանալ, որ պալատական խնճոյքներու սեղաններուն, գեղուհիներու քղանցքներուն սիրտը արիւնող միս ու ոսկոր մարդ մը, անցորդ աշուղ մը,  գերագոյն պահու մը, իր արիւնը թափէ գերերջանիկ մահով մը` այս նուիրական խորանին առջեւ:

Մարտիրոսներու աստուածընկալ հոգին են մասն ու նշխարը հայոց եկեղեցիին:

Նա՛ւն է այդ եկեղեցին, լուսավառ եւ ոսկեկայմ, որ պատռելով պղտոր ալիքները, յաղթական ճողփիւնով կը նաւէ դէպի անմահութիւն:

Յ. ԳԵՂԱՐԴ

19-1-64

 

Share this Article
CATEGORIES