Դէպի «Ժընեւ-2»

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Քաղաքական տհասութիւն է ենթադրել, թէ «Ժընեւ-2»-ի նախօրէին Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերը մէ՛կ սուլիչով զէնքերը վար պիտի առնեն ու սպասեն ժողովին արդիւնքներուն: Ամիսներու յետաձգումէ ետք, սուրիական խնդիրին քաղաքական լուծում գտնել նպատակադրող ու այնքա՜ն սպասուած «Ժընեւ-2»-ը պիտի գումարուի 22 յունուարին:

Ժողովի գումարումը ինքնին կրկնակի նշանակութիւն ստացաւ, երբ Ամերիկան ու Ռուսիան նախորդ ամրան համաձայնեցան «Ժընեւ-2»-ի ճամբով լուծում գտնել սուրիական խնդրին:  Սուրիական կառավարութեան` Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման միջազգային կազմակերպութեան անդամակցելու եւ իր քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու պատրաստակամութեան յայտարարութիւնն ալ իր դրական ազդեցութիւնը ունեցաւ ժողովի գումարման թուականը ճշդելու վրայ: Այս ծիրին մէջ, ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի 2018 որոշումը կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ հակամարտող կողմերուն` մասնակցելու «Ժընեւ-2» միջազգային ժողովին, ինչպէս նաեւ  լուրջ ու կառուցողական քայլերու դիմելու «Ժընեւ-1»-ի որոշումները գործադրելու` Սուրիոյ մէջ քաղաքական կայունութեան, խաղաղութեան եւ կողմերու հաշտեցման ի խնդիր:

Փակագիծ մը բանալով կ՛արժէ վերյիշել «Ժընեւ-1» համաձայնութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 30 յունիս 2012-ին: «Ժընեւ-1»-ի ընթացքին Սուրիոյ, ՄԱԿ-ի, Արաբական Լիկայի, Եւրոպական Միութեան, Չինաստանի, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Անգլիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ, Իրաքի, Քուէյթի եւ Քաթարի ներկայացուցիչները որոշեցին, թէ Սուրիոյ խնդրին որպէս քաղաքական լուծում որդեգրուելիք անցումային հանգրուանը պէտք է պարունակէ հետեւեալները`

Ա.- Հակամարտող բոլոր կողմերը գոհացնող հեռանկար ունենայ:

Բ.- Յստակ քայլեր եւ սահմանուած ժամկէտեր որդեգրել` վերոնշեալ հեռանկարը իրականացնելու:

Գ.- Այդ քայլերը գործադրելի ըլլան բոլորին համար` ապահով, խաղաղ ու հանգիստ պայմաններու մէջ, հեռու ընթացող արիւնահոսութենէն:

Դ.- Վերատեսութեան ենթարկել երկրին պետական ու սահմանադրական կառոյցները` արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու ճամբով:

Ե.- Սուրիոյ մէջ անցումային կառավարութիւն ստեղծել` գործադիր իշխանութեան բոլոր լիազօրութիւններով:

Հետեւաբար, «Ժընեւ-2»-ը կը նպատակադրէ Սուրիոյ մէջ անցումային կառավարութիւն ստեղծել` գործադիր իշխանութեան ամբողջական լիազօրութիւններով, ներառեալ զինուորական ու ապահովական կառոյցներու հսկողութիւնը, սակայն առանց անդրադառնալու նախագահ Պաշշար  Ասատի ճակատագիրին, որ ժողովին մեծագոյն մարտահրաւէրը կարելի է նկատել:

Ժողովը խոչընդոտող կէտերէն է նաեւ տարածաշրջանային ուժի` Իրանին ժողովին մասնակցելու կամ չմասնակցելու պարագան: Ամերիկան ու Արեւմուտքը կը մերժեն Իրանի մասնակցութիւնը, մինչ Ռուսիան, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը եւ Սուրիոյ հարցով միջազգային բանագնաց  Լախտար Իպրահիմին կը զօրակցին անոր մասնակցութեան: Այստեղ, ըստ վերլուծաբաններու, Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ կնքուած Իրանական հիւլէական ծրագիրի համաձայնութիւնը  դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ սուրիական խնդիրին վրայ, եւ Իրանի մասնակցութեան հաւանականութիւնը կը բարձրացնէ:

Սուրիական իշխանութիւնները որոշած են մասնակցիլ «Ժընեւ-2»-ին, բայց, ինչպէս Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմը կը մեկնաբանէ, ո՛չ թէ իշխանութիւնը յանձնելու, այլ` բանակցելու եւ հարցերը խաղաղօրէն լուծելու ճանապարհ գտնելու: Աւելի՛ն. սուրիական իշխանութիւնները կը շեշտեն, որ «Ժընեւ-2»-էն բխած որեւէ անցումային հանգրուան նախագահ Ասատի առաջնորդութեամբ պիտի կատարուի: Սուրիական իշխանութեան նկատմամբ ռուսական ու իրանական զօրակցութիւնն ալ, որ արդիւնք է Ռուսիոյ ու Իրանի տարածաշրջանային ու միջազգային շահերուն, կ՛ամրագրեն իշխանութեան կեցուածքները:

Միւս կողմէ, ընդդիմութիւնը ամիսներ շարունակ մերժելէ ետք սոյն ժողովին մասնակցիլը, 2013-ի նոյեմբեր 11-ին Պոլսոյ մէջ գումարուած իր Ընդհանուր ժողովին որոշեց մասնակցիլ «Ժընեւ-2»-ին` պայմանով որ նախքան ժողովը կարգ մը պահանջներ գործադրուին: Ընդդիմութեան պահանջներէն կամ պայմաններէն կարելի է յիշել` շրջափակուած շրջաններուն մարդասիրական եւ փրկարարական օժանդակութիւններու մատակարարումը, ինչպէս նաեւ յատկապէս իգական եւ պատանի արգելափակեալներու ազատ արձակումը: Ընդդիմութիւնը` իրեն հետ ունենալով արեւմտեան ուժեր, կը բարձրաձայնեն նաեւ, թէ անցումային որեւէ հանգրուանի, նախագահ Ասատն ու իր անմիջական օղակը տեղ պէտք չէ ունենան:

Ուրեմն սուրիական իշխանութիւնները` ռուսական ու իրանական զօրակցութեամբ, նախագահ Ասատը անցումային հանգրուանին հիմնական դերակատար պահելու կը ձգտին, մինչդեռ ընդդիմութիւնն ու Արեւմուտքը ամէն ջանք կը թափեն զայն իշխանութենէն հեռացնելու: Հոս է «Ժընեւ-2»-ի հիմնական հանգոյցը ու ամէնէն դժուար մարտահրաւէրը, որմէ կախեալ է ժողովին յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը:

Այս պատճառով, նախքան «Ժընեւ-2» հակամարտող երկու կողմերն ալ գետնի վրայ իրենց դիրքերը ամրապնդելու կը ձգտին, աւելի զօրաւոր դիրքով ներկայանալու նախատեսուած ժողովին: Հետեւաբար, մօտիկ ապագային զինուորական գործողութիւններուն դադրիլը անսպասելի է, ինչ որ մարդկային ու նիւթական անդառնալի նոր կորուստներ կը պատճառէ:

Այստեղ մտահան պէտք չէ ընել ընդդիմութեան միացեալ ու համակարգուած չըլլալու իրականութիւնը: Պոլսոյ մէջ հաստատուած «Ազգային քոալիսիոն»-ի կողքին կը գործեն Սուրիոյ ներքին ընդդիմութիւնը` «Ազգային համակարգման յանձնախումբերը» եւ իսլամական ծայրայեղական Քայիտային կապուած խմբաւորումները: Արեւմտեան յոյսերը` միացեալ, հաւասարակշռուած ու քաղաքականապէս հնազանդ զինեալ ընդդիմութիւն գոյացնելու, ի դերեւ ելան, մանաւանդ երբ ի յայտ եկաւ, թէ զինեալ ընդդիմադիրներուն կէսէն աւելին ծայրայեղական իսլամականներն են:

Հետաքրքրական վերջին զարգացումներուն մէջ նշելի է նաեւ ծայրայեղական խմբաւորումներուն եւ  Սուրիական ազատ բանակին միջեւ եղած բախումները, ինչ որ անհերքելիօրէն կը տկարացնեն ընդդիմութեան դիրքերը: Աւելի՛ն` կապերը գրեթէ անջատուած են գետնի վրայ գործօն զինեալ ընդդիմադիր խումբերուն եւ Սուրիայէն դուրս գտնուող քաղաքական ընդդիմութեան միջեւ: Շատ քիչ թիւով ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներ կը հնազանդին Պոլսոյ մէջ հաստատուած ու արեւմտեան զօրակցութիւն վայելող քաղաքական ընդդիմութեան: Այստեղ մեծ է դերը Միացեալ Նահանգներուն` ճնշում բանեցնելու վերոնշեալ զինեալ խմբաւորումները ֆինանսաւորող Սուէտական Արաբիոյ, Քաթարին ու Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի կարելիութեան սահմաններուն մէջ միացեալ եւ ներդաշնակ ընդդիմութիւն մը ներկայանայ ժողովին: Այս պատճառով բաւականին դժուար է կանխատեսել, թէ «Ժընեւ-2»-ին ընդդիմութիւնը ինչպիսի՛ ներկայացուցչութիւն պիտի ունենայ:

Գալով ծայրայեղական-իսլամիստական արմատաւորական խումբերուն, անոնք պատրաստակամութիւն ունին ո՛չ չափաւորական ընդդիմութեան հնազանդելու, ո՛չ ալ «Ժընեւ-2»-էն բխած որոշումները գործադրելու: Հետեւաբար, զինուորական գործողութիւնները պիտի շարունակուին, բայց այս անգամ, թէկուզ զարմանալի, բայց հաւանական նոր դրուածքով մը:  Ծայրայեղական ու աշխարհի չորս կողմէն Սուրիա բերուած ահաբեկչական այս խմբաւորումներուն անմարդկային արարքներուն վերջ տալու համար, Սուրիական արաբական բանակին,  չափաւորական ընդդիմութեան եւ թերեւս միջազգային ուժերու համագործակցութեամբ գործողութիւններ կատարելու շշուկները սկսած են բարձրանալ:

Ընդդիմութիւնը տկարացնող ազդակ է նաեւ քրտական զինեալ խմբաւորումներուն դէմ տեղի ունեցած յաճախակի բախումները: «Ժընեւ-2»-ի ընթացքին քննարկուելիք նիւթերէն պիտի ըլլայ քրտական հարցը: Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան կարգ մը շրջաններ այսօր կը գտնուին քրտական վերահսկողութեան տակ: Ըստ քաղաքական ընդդիմութեան վերջին յայտարարութիւններուն, «Ժընեւ-2»-ի ընթացքին, եթէ Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն ինքնավար մարզի դրութիւն շնորհելու նիւթն անգամ արծարծուի, այդ կրնայ «Ժընեւ-2»-ը ձախողութեան մատնել:

Միւս կողմէ, այս պահուն գետնի վրայ սուրիական իշխանութիւնները աւելի ազդեցիկ ու զօրաւոր են: Սուրիական արաբական բանակը օրէ-օր նորանոր նուաճումներ կ՛արձանագրէ: Թէեւ բացայայտօրէն Սուրիական արաբական բանակին կողքին դաշտի վրայ են Հըզպալլայի զինեալները եւ ժողովրդային պաշտպանութեան խումբերը,  պետական կառոյցներուն ու հաստատութիւններուն մեծ մասը կը մնան գործօն ու Դամասկոսի վերահսկողութեան տակ: «Ժընեւ-2»-ի  ընթացքին Սուրիոյ իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնելու միջոցներէն կարելի է նկատել` Հըզպալլային եւ  սուրիական իշխանութիւններուն զօրակցող այլ  խմբաւորումներուն Սուրիայէն դուրս գալու խնդիրը:

Այս բոլոր մանրամասնութիւնները վերահաստատել կու տան, որ Սուրիոյ հակամարտութիւնը շատ բարդ ու բազմակողմանիօրէն հանգուցուած պարագայ է:  Դիւանագէտներ կը հաւատան, թէ սոյն ժողովը հաւաք մը չէ լոկ, այլ միայն քաղաքական ընթացքի մը սկիզբը, որ կրնայ ամիսներ տեւել եւ ապա վերջ տալ արիւնահեղութեան: Այս ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի համաձայն, «Ժընեւ-2»-ը խաղաղ ճամբով Սուրիոյ ժողովուրդին ազատութեան եւ արժանապատուութեան օրինական ձգտումները արտայայտելու միջոց է, որ կ՛ապահովէ Սուրիոյ բոլոր ընկերութիւններուն անվտանգութիւնը: Քի Մուն կ՛աւելցնէ. «Աններելի պիտի ըլլայ այս առիթը չօգտագործելը, վերջ տալու համար ընթացող տառապանքին ու կործանումին»:

Մինչ օրս սակայն երաշխիքներ չկան ժողովի յաջողութեան գծով: «Ժընեւ-2»-ի յաջողութիւնը չէ երաշխաւորուած, որովհետեւ պատերազմող կողմերը իսկական շահագրգռուածութիւն չունին յայտնուելու այնպիսի պարագայի մը մէջ, որ զիրենք  անցանկալի փոխզիջումներու կը մղէ: Երբ սուրիական խնդրին ներքին ու արտաքին դերակատարները լրջօրէն կ՛անդրադառնան, թէ աւելի քան հարիւր հազար մարդկային զոհ, միլիոնաւոր գաղթականներ ու աւերներ պատճառող սոյն խնդրին մէջ չկայ յաղթող ու պարտուող կողմ, այլ կայ այս միլիոններ հաշուող քաղաքացիներուն  խաղաղութիւն ու ապահովութիւն ապահովելու գերխնդիր, այդ պարագային միա՛յն «Ժընեւ-2»-ը շահեկան ու արդիւնաւէտ կրնայ դառնալ, ու զէնքերը վար առնելու ժամերը կը մօտենան:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES