«Ժընեւ-2», Հալէպահայութիւն Եւ Մենք
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այսօր պահանջ զգացի գրելու: Նպատակը սրտիս մօտ է, որովհետեւ քանի մը օրեր ետք` յունուար 22-ին, Ժընեւի մէջ հաւանաբար գումարուի Սուրիոյ տագնապին շուրջ հակամարտ կողմերու միջեւ միջազգային խորհրդաժողով մը` «Ժընեւ 2» անուան տակ:
Քաղաքական վերլուծումներ կատարող մը չեմ: Նոյնիսկ չեմ գիտեր` որքանո՛վ բան մը պիտի կարենայ փոխել դիւանագէտներու այս հաւաքը:
Նաեւ չեմ գիտեր, որ եթէ երբեք բան մը կրնայ փոխուիլ: Որքանո՞վ անկեղծ են կողմերը: Որքանո՞վ իրենց խոստումին տէրը պիտի ըլլան: Որքանո՞վ վստահութիւն պիտի ներշնչեն թէ՛ իրարու եւ թէ՛ աշխարհին:
Միայն այն գիտեմ, որ շուրջ երեք տարիներէ ի վեր ներքին պատերազմի մէջ մխրճուած սուրիացի ժողովուրդին կողքին աշխարհի աչքերն ալ յառած են այս ուղղութեամբ:
Դէպի «Ժընեւ-2»: Յոյս մը: Երկար ու անծանօթ փապուղիէ մը դուրս գալու լոյսի նշոյլի մը յայտնութիւնը: Անկասկած որ վերջապէս փորձ մըն է, որ պիտի կատարուի պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող ղեկավարներուն կողմէ, անոնց կողմէ, որոնք յանուն ամբոխավարութեան` անմեղ քաղաքացիներու արեան պատճառ դարձած են:
Միայն հաւատք կ՛ուզենք սնուցանել դիւանագիտական այս նախաձեռնութեան, որ կը կարծեմ` մեր գլուխէն աւելի վեր է:
Մեծ պետութիւններու հովանիին եւ օրհնութեան տակ գումարուող ժողովին մասնակից հակամարտող կողմերը, եթէ նոյնիսկ քաղաքական որոշ լուծման մը յանգին, անդին կը մնայ սուրիացի ժողովուրդի ներկայ իրավիճակը:
Բացարձակ իրականութիւն է, որ այսօր Սուրիոյ բնակչութեան քառորդը իր կեանքի ապահովութեան համար դրացի երկիրներու մէջ ապաստան գտած է:
Աւերակուած են բազմաթիւ քաղաքներ, գիւղեր եւ աւաններ: Սպաննուած, առեւանգուած ու անյայտացած են հազարաւոր քաղաքացիներ:
Ռումբերու, հրթիռներու եւ փամփուշտներու աղմուկէն այլեւս լսելի չէ որեւէ աղաչանք:
Չորցած են մարդոց ականջները եւ կուրցած` աչքերը, ու հարցերը մնացած են փողոցներու փլատակներուն տակ:
Բոլորիս համար երկարեցաւ կռիւը, դարձաւ պատերազմ, դարձաւ անմարդկային եւ եղբայրասպան:
Ուշացաւ յոյսը: Լաւին սպասումը դարձաւ կարօտ:
Աշխարհը ականատես է, թէ որքան խոր է այդ երկրի ժողովուրդին դժբախտութիւնը: Հոն բոլոր չափանիշները խախտած են եւ սկզբունքները` արժեզրկուած:
Կրօնի անուան տակ աներեւակայելի ոճիրներ գործուած են եւ տակաւին կը գործուին, որովհետեւ մարդիկ կրօնը դարձուցած են թէ՛ միջոց եւ թէ՛ նպատակ:
Հոն սարսափն ու մահը ո՛չ սահման ունին եւ ո՛չ ալ ժամանակ:
Կը կարծեմ, որ գրեթէ ամբողջ աշխարհը նման տագնապներով կը գալարուի: Մեր ժողովուրդի մէկ հատուածին` սուրիահայութեան, հալէպահայութեան դիմագրաւածը առանձնապէս կը ցաւցնէ մեր սիրտը:
Մեր ժողովուրդը, սակայն, օժտուած է կրկին ապրելու կամքով լեցուած սիրտով ու հոգիով:
Իրականութիւն է, որ մենք վշտահար ժողովուրդ եղած ենք: Պատմութեան հարուածները միշտ եւ անխնայ եղած են խաղաղասէր եւ ստեղծագործ հայութեան գլխուն:
Սակայն այս օրերուն պէտք է հաշտուիլ այս նոր իրականութեան հետ:
Չեմ փորձեր գրիչս լալկան վազքի մը մէջ նետել: Կը զգամ ու կ՛ապրիմ տագնապին ահռելիութիւնն ու մեծութիւնը:
Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս յանկարծ ներքին ձայն մը կը սկսի յուշելու զիս ու առաջնորդել մտածումներս:
Կը հաւատամ, որ կեանքը իբրեւ հաւատք եւ հաւաքական ապրում` մեզի համար միշտ ազգային եղած է:
Հաստատապէս զգացական պոռթկումի մը արդիւնք են այս տողերը, որովհետեւ Հալէպի հողին կարօտը տակաւին կ՛այրէ հոգիս:
Կը զգամ, որ այս առիթով իմ արտայայտած իւրաքանչիւր մտածումս դարձած է պոռթկում:
Որովհետեւ…
Հոն, յատկապէս մեր ծննդավայր Հալէպի մէջ, գրեթէ ամէն օր հիւանդ է արեւը: Պատմական այդ քաղաքը հազարաձայն հեւքով քաղաքի մը վերածուած է: Հոն անհրապոյր օրեր զիրար կը յաջորդեն:
Հալէպը իր այս իրավիճակով պատմութեան անցած է, սակայն տակաւին անցեալ չէ դարձած:
Հոն մեր ժողովուրդը իր աչքերը երազին եւ յոյսին մէջ բացած է լեռներու մէջ եւ կամ վրան թափառող ամպերու նման:
Իսկ մենք հոս, անոնցմէ հեռու եւ անդին, մենք հոս ի՞նչ կ՛ընենք: Դուք ձեզի հարց տուէք: Ո՞ր օրուան կը սպասենք:
Կը խօսինք: Յաճախ լոզունգներով կ՛արտայայտուինք: Երբեմն կը յիշենք` քիչ ետք նստելու եւ սպասելու, որ մէկը բան մը նախաձեռնէ: Վե՞րջը:
Նոր տարին եկած է ու կը շարունակէ իր երթը: Արդէն անոր առաջին ամիսը կիսուած է: Արդեօք ո՞ւր հասած է մեր գիտակցութեան հասունութիւնը:
Այլեւս իրականութեան փնտռտուքի կարիքը չկայ:
Միւս կողմէ, մի՛ մոռնաք, որ հակառակ այս հոգեկան եւ ֆիզիքական տխրութեան, հակառակ մեր մայր գաղութէն ներս յամեցող ծանր դրութեան, հակառակ ամէնօրեայ վախի, սարսափի ու մահուան սպառնալիքներուն` ողջունելի ազգային եւ հոգեւոր գործ ու աշխատանք կը տարուի:
Հալէպահայութիւնը իր ամբողջութեամբ, իր այդ պարզունակ վիճակով, իր այդ թաքնուած ու զսպուած խոր թախիծով ու սուգով, իր սրտին մէջ պահ դրած տագնապներով տակաւին կը շարունակէ իր ազգային երթը` գալիք ժամանակներու մնայուն ներկայութեան համար:
Որովհետեւ մենք յամառ ժողովուրդ ենք, չենք ուզեր մեռնիլ:
Հաւատացէ՛ք, հալէպահայը լեցուն է կրկին ապրելու կամքով:
Ու մեր ոգին, ի տես այս պերճախօս վկայութիւններուն, կը ջերմանայ:
Իսկ եթէ ոգին արդէն բաւարար է, որ մեզ յաւերժօրէն կանգուն պահէ, մեր կարգին մենք ալ պէտք է գործի լծուինք: Շարունակենք մեր առաքելութիւն-աջակցութիւնը` իբրեւ սրբազան եւ ազգային պարտականութիւն:
Այս ստեղծուած մթնոլորտին մէջ փոխանցենք սէրը, գուրգուրանքը, յարգանքը, նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւնը` հանդէպ նման ազգային արժէքներու պահպանման:
Հազա՛ր անգամ կրկնած ենք ու ահազանգած, որ հոն տակաւին շնչող հայ գաղութը պէտք է ամուր պահել:
Իսկ մենք: Հսկայ հայ գաղութ ենք հոս: Կը պարծենանք:
Կը բաւէ յոյս ծախենք: Հետեւողական աշխատանքի կարօտը ունինք: Գալիքի ուղիները լուսաւորող շող:
Ու այս օրերուն` «Ժընեւ-2»:
Յոյսով ենք, որ այս մէկը նոր ու բարի ճանապարհներ տանող խորհրդաժողով մը դառնայ բոլորիս համար:
Միացեալ Նահանգներ

