«Միջին Արեւելքին Մէջ Քրիստոնէութիւնը Պէտք Է Հաւատարիմ Մնայ Իր Անցեալին, Ներկային Ու Ապագային Նկատմամբ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

1Ժընեւի Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ քանի մը օրեր առաջ գումարուած համագումարին, որ յատկացուած  էր «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի բերելիք նպաստին, Միջին Արեւելքէն Քրիստոնէութեան արտագաղթի հարցը լայնօրէն քննարկուեցաւ:

Այս հարցին անդրադառնալով` Արամ Ա. կաթողիկոս իր լուրջ մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան հետզհետէ նուազումին նկատմամբ: «Հսկայ քրիստոնէական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ վերջին տասնամեակներուն սկսած են կորսնցնել իրենց քանակային թէ որակային հզօրութիւնը: Պահ մը դիտեցէք երէկի ու այսօրուան քրիստոնէական ներկայութիւնը Երուսաղէմի մէջ, Իրաքի մէջ, Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ: Քրիստոնէութեան ծննդավայրը դարձած Միջին Արեւելքը այսօր կը պարպուի իր քրիստոնէական ներկայութենէն: Սուրիան, պատմական բարով Անտիոքը, որ եղած է հզօր կեդրոններէն մէկը քրիստոնէութեան, վերջին տարիներու տագնապին բերումով սկսած է կորսնցնել իր քրիստոնեայ բնակչութեան մէկ կարեւոր մասը: Խորապէս մտահոգիչ է այս երեւոյթը: Քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանին մէջ կենսական է թէ՛ արեւմուտքի եւ թէ՛ իսլամութեան համար: Քրիստոնէական պատմութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եղած է տագնապներով լեցուն. սակայն եկեղեցիները կառչած մնացած են իրենց իրաւունքներուն, աւանդութիւններուն ու արժէքներուն: Նոյնը պէտք է ըլլայ այսօր», նշեց վեհափառ հայրապետը:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մենք կը գնահատենք արեւմտեան կարգ մը երկիրներուն աջակցութիւնը քրիստոնեայ գաղթականները ժամանակաւորապէս ընդունելու: Սակայն զգուշ պէտք է ըլլալ եւ պէտք չէ քաջալերել քրիստոնեաներուն արտագաղթը Միջին Արեւելքէն: Այս է շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն յստակ քաղաքականութիւնը: Մենք դէմ ենք արտագաղթին, որքան ալ դժուար ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները»: Վեհափառ հայրապետին մտահոգութեան նոյն ուժգնութեամբ արձագանգեցին Միջին Արեւելքէն ներկայ պատրիարքները եւ բարձրաստիճան հոգեւորականները: Անոնք եւս իրենց կարգին յիշեցուցին քրիստոնէութիւնը շրջանին մէջ ամուր պահելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեցին արեւմտեան պետութիւններուն` օգտակար ըլլալու այս ուղղութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES