Իրաքեան Խմբաւորում Մը Ստանձնած Է Վոլկոկրատի Ականահարումներուն Պատասխանատուութիւնը Եւ Սպառնացած Սոչիին

Volgograd-F«Էխօ Մոսքվի» կը հաղորդէ, որ իրաքեան ահաբեկչական խմբաւորում մը ստանձնած է Վոլկոկրատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն պատասխանատուութիւնը:

Անսար Սուննա կազմակերպութիւնը համացանցի վրայ տարածած իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ Վոլկոկրատի յարձակումները կատարած են Սուլէյման ու Ապտուլրահման անունով երկու անձեր:

Կազմակերպութիւնը նաեւ նշած է, որ յաջորդ թիրախները պիտի ըլլան Սոչիի Ողիմպիական խաղերը:

Անսար Սուննա զինեալ խմբաւորումը բաղկացած է հիմնականին մէջ քիւրտերէ եւ արաբներէ:

 

Share this Article
CATEGORIES