Թեհրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Համաձայնութեան Գործադրութիւնը Ընթացք Առաւ. Իրան «Կամաւոր Կերպով» Դադրեցուց Իւրանիոմի 20 Առ Հարիւրով Հարստացման Աշխատանքները

Ալի Աքպար Սալեհի
Իրանի հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան ղեկավար Ալի Աքպար Սալեհի երէկ յայտարարեց, որ իւրանիոմի 20 առ հարիւրով հարստացման աշխատանքները կամաւոր կերպով կը դադրեցուին: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սալեհի յայտնած է. «Իւրանիոմի 20 առ հարիւրով հարստացման աշխատանքներու կամաւոր դադրեցումը այսօր (երէկ) Կրինիչի ժամանակացոյցով ժամը 08:30-ին մեր որդեգրելիք գլխաւոր միջոցառումն է»:
Սալեհի ըսաւ, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ «շինծու տագնապի լուծման հոլովոյթը յառաջ կ՛ընթանայ: Ժընեւի համաձայնութեան գործադրման հող պէտք է պատրաստել, եւ այդ է, որուն համար երկու կողմերը պէտք է աշխատին»:
CATEGORIES Միջազգային

