Քի Մուն Յետս Կոչեց «Ժընեւ-2»-ին Մասնակցութեան Համար Իրանին Ուղղուած Իր Հրաւէրը

Պան Քի Մուն
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Իրանը հրաւիրեց մասնակցելու «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին: Ան ըսաւ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆէն հաւաստիացում ստացած է, որ Իրան բանակցութիւններուն ընթացքին կառուցողական դեր պիտի խաղայ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ ՄԱԿ-էն «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցելու համար պաշտօնական հրաւէր ստացած է եւ ընդունած զայն: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիա Աֆխամ յայտնեց, որ «Իրան խորհրդաժողովին պիտի մասնակցի առանց նախապայմանի»: Պան Քի Մուն երէկ ուշ գիշերին յետս կոչեց Իրանին ուղղուած իր հրաւէրը: Նախքան Քի Մունի որոշումին հրապարակումը, ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի մնայուն պատուիրակը յայտարարած էր, որ «եթէ «Ժընեւ-2»-ին մեր ներկայութիւնը «Ժընեւ-1»-ի որոշումները ընդունելով պայմանաւորուած է` խորհրդաժողովին պիտի չմասնակցինք»:
Սուրիական ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինը բուռն կերպով հակադարձելով յայտարարեց, որ «Ժընեւ-2»-ին պիտի մասնակցի այն ժամանակ միայն, երբ Իրանի ուղղուած հրաւէրը յետս կոչուի, կամ Թեհրան «Սուրիայէն իր ուժերը հեռացնէ»: Մարմինը նշեց, որ Իրան համաձայն չէ գտնուած «Ժընեւ-1»-ին, որուն վրայ պիտի հիմնուի «Ժընեւ-2»-ը: Քի Մունի որոշումին լոյսին տակ Սուրիական ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինը յայտարարեց, որ պիտի մասնակցի «Ժընեւ-2»-ին:
Ազգային համաձայնական մարմինը Պան Քի Մունին մինչեւ Կրինիչի ժամանակացոյցով ժամը 19:00 պայմանաժամ ճշդեց Իրանի ուղղուած հրաւէրը յետս կոչելու` սպառնալով այլապէս չորեքշաբթի օր Զուիցերիոյ մէջ նախատեսուած խորհրդաժողովին չմասնակցիլ:
Միացեալ Նահանգներ իրենց կարգին նշեցին, որ Իրան չի կրնար խորհրդաժողովին մասնակցիլ, եթէ չընդունի «Ժընեւ-1»-ը, որ Սուրիոյ մէջ ամբողջական լիազօրութեան տէր փոխանցման կառավարութեան մը կազմութիւնը կը նախատեսէ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «Իրան Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան մը կազմութիւնը պէտք է ընդունի»` աւելցնելով, որ «որեւէ երկիր, որ Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան մը կազմութիւնը չ՛ընդունիր, «Ժընեւ-2»-ին պիտի չմասնակցի»: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս պահանջեց, որ «Իրան Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան կազմութեան համաձայն գտնուի»: Սէուտական Արաբիա իր կարգին մերժեց խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ բանակցութեան սեղան նստելու պետութիւններու հետ, որոնք ուղղակի կերպով կը ֆինանսաւորեն Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալները»` աւելցնելով, որ Ազգային համաձայնական մարմինը սկիզբէն ի վեր «Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու համար տարբեր նախապայմաններ դրաւ: Ան նշեց, որ նշեալ մարմինին անդամներուն շարքին են պատասխանատու մարդիկ, սակայն մարմինը կազմուեցաւ արտաքին ֆինանսաւորողներու կողմէ:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ «ան, որ «Ժընեւ-2»-ին Իրանի մասնակցութիւնը կը մերժէ, սուրիական տագնապին համար արդար լուծում չ՛ուզեր»:
Լաւրով ըսաւ, որ Մոթրէոյի մէջ չորեքշաբթի օր տեղի ունենալիք հանդիպումը խորհրդանշական պիտի ըլլայ, իսկ ուղղակի բանակցութիւնները հետագային կը սկսին: Ան նշեց, որ Հալէպի մէջ ապահովական դասաւորումներու Դամասկոսի ծրագիրը Սուրիա օտար ուժեր ուղարկելու վերաբերեալ առաջարկներ չ՛ընդգրկեր:
Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակից սուրիական պաշտօնական պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ եւ որուն մաս կը կազմեն պատուիրակութեան առաջին փոխնախագահ Օմրան Զողպի, պատուիրակութեան երկրորդ փոխնախագահ Պուսայնա Շաապան, Ֆայսալ Մըքտատ, Պաշշար Ժաաֆարի, Լունա Շըպըլ, Հուսամ Ալա, Ահմետ Առնուս, Ուսամա Ալի եւ 20 լրագրողներ, այսօր պիտի մեկնին Ժընեւ:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ հանդիպում ունեցաւ սուրիական կառավարական պատուիրակութեան հետ եւ անոր անհրաժեշտ ցուցմունքները տուաւ:
«Ժընեւ-2»-ը ընթացք կ՛առնէ չորեքշաբթի առաւօտեան Մոնթրէոյի մէջ` մասնակցութեամբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ շուրջ 30 երկիրներու ներկայացուցիչներու: Սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ պաշտօնական բանակցութիւնները ընթացք կ՛առնեն ուրբաթ օր` Ժընեւի մէջ:
Ասատ. «Նախագահութեան Թեկնածութեանս
Առաջադրման Մէջ Արգելք Մը Չեմ Տեսներ»
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «նախագահութեան թեկնածութեանս առաջադրման մէջ արգելք չեմ տեսներ»: Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն դէմ մեր ճակատամարտի կորուստը ամբողջ Միջին Արեւելքին մէջ քաոսի պիտի առաջնորդէ»:
Սուրիոյ նախագահը յայտնեց, որ «մենք յառաջխաղացք կ՛արձանագրենք, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ յաղթանակը մօտ է»` աւելցնելով, որ «ահաբեկչութեան դէմ ճակատամարտը դիւրին չէ եւ երկար ժամանակի կը կարօտի»:
Ասատ ըսաւ, որ «արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւններ սուրիական կառավարութենէն համագործակցութիւն խնդրեցին»` նշելով, որ «Ֆրանսա սուրիական թղթածրարին մէջ Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետեւող երկրի մը վերածուած է»:
Ան յայտնեց, որ ընդդիմադիր զինեալներու երկու տեսակներ չկան, այլ մէկ տեսակ, «որուն դէմ կը կռուինք, այդ ալ ահաբեկչական կազմակերպութիւններն են»` աւելցնելով, որ «բոլոր տեսերիզները եւ նկարները կը հաստատեն, որ իրենք են, որ Սուրիոյ մէջ ջարդեր կը գործեն»:
ՅԱՅՏՆԵՆՔ, որ երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն ՄԱԿ յայտարարեց, որ Իրան պիտի չմասնակցի «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին: Այս իրադարձութենէն մեկնելով` սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական դաշինքը յայտարարեց, որ պիտի մասնակցի խորհրդաժողովին:

