Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժեմայէլը

Ժեմայէլ եւ Ռայի պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել նախագահական ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ մշակել ընտրական օրինագիծ մը եւ կատարել երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Ժեմայէլ դրուատեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` կազմելու համար համախոհական կառավարութիւն մը:
CATEGORIES Լիբանանեան

