Ֆրենժիէ Ընդունեց Հոլլանտի Անձնական Պատուիրակը

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի անձնական պատուիրակ Էմանուել Պոնը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մարատայի պատասխանատուներ Թոնի Ֆրենժիէ, Զիահ Մքարի եւ Ալպեր Ժուխատար: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES