Ժոմպլաթ. «Հարիրին Փաստեց, Որ Ինք Պետական Անձնաւորութիւն Է»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսնող իրեն յատուկ սիւնակին մէջ դրուատեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքը` կառավարութեան կազմութեան առումով:

«Իր այս կեցուածքով Հարիրի փաստեց, որ ինք պետական անձնաւորութիւն է, եւ իր կեցուածքը յայտնուած է անկիւնադարձային պահու մը ընթացքին», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ նշեց, որ Հարիրի ապացուցեց, որ ինք կրնայ հետապնդել երկրին գերագոյն շահերը, ինչպէս նաեւ հաստատել ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Ժոմպլաթ յոյս յայտնեց, որ Հարիրիի կեցուածքները թարգմանուին իբրեւ կարեւոր կեցուածքներ, որոնցմով կարելի է երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը աշխուժացնել:

Անդրադառնալով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ոմանք կրնան մեկնաբանել այնպէս մը, թէ խորհրդաժողովը պիտի չկարենայ Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնել, սակայն ներկայիս անիկա միակ առիթն է Սուրիոյ տագնապը լուծելու, այլապէս արիւնահեղութիւնը պիտի շարունակուի:

Նշենք, որ Ժոմպլաթ ընդունեց Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Քլոտիա Ռութը, որուն հետ քննարկեց երկրին եւ շրջանին քաղաքական իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES