Զօր. Աուն. «Հարիրիի Վերջին Կեցուածքը Քաջ Է Եւ Կը Դիւրացնէ Կառավարութեան Կազմութեան Ընթացքը»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան ընթացքին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի արտայայտած վերջին կեցուածքը քաջ է եւ յանդուգն: «Այդ կեցուածքը կը դիւրացնէ կառավարութեան կազմութեան ընթացքը եւ հիմքը կը դնէ սկիզբի մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ նոր խորհրդարան մը կազմել:
Զօր. Աուն նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները վերջ գտած են:
CATEGORIES Լիբանանեան

