Պըրրի – Ֆըրզլի Հանդիպում

Ֆըրզլի եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ Պըրրի կը հաստատէ, որ միջլիբանանեան համաձայնութիւնը իսկական բանալին է ապահովական կայունութեան, որ միայն Լիբանանին չի վերաբերիր, այլեւ` ամբողջ շրջանին:
Այս նպատակով Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ամէն ջանք ի գործ դրին ստեղծելու այդ կայունութիւնը` կազմելով կառավարութիւն մը, որպէսզի երկիրը բաղկացնող քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը կատարուի պետական հաստատութիւններուն մէջ:
«Խորհրդարանի նախագահին հիմնական նպատակն է կայունութիւն հաստատել, եւ բոլորս կը յուսանք, որ ատիկա կարելի ըլլայ», ըսաւ Ֆըրզլի:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզ, որ Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային կարգ մը հարցեր:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Քլոտիա Ռութ եւ անոր ընկերակցող գերմանական պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական առումով Լիբանան-Գերմանիա գործակցութեան հեռանկարները:
Միւս կողմէ, Պըրրի հանրօգուտ շինութեանց եւ կենսոլորտի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 23 յունուարին: Նիստին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդը` քննարկելու համար Նաամէի աղբանոցին թղթածրարը:

