Միքաթի Կոչ Կ՛ուղղէ Կազմելու Կառավարութիւն Մը, Որ Լուծէ Թրիփոլիի Տագնապը

Հիւսէյնի եւ Միքաթի

Հիւսէյնի եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շեշտեց երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտող օրինազանցներուն նկատմամբ խիստ վարուելակերպ ցուցաբերելու եւ զանոնք ձերբակալելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոնք վնաս չհասցնեն քաղաքացիներուն անվտանգութեան:

Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն հետ` քննարկելու համար Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ կազմելու այնպիսի կառավարութիւն մը, որ լուծէ Թրիփոլիի տագնապը:

Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնին, որ շեշտեց ամէնէն մօտիկ ապագային խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց երկրին սահմանադրութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ, Հիւսէյնի Միքաթիին ներկայացուց Լիբանանեան պետութեան հիմնումին քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը:

Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին այցելեց Միքաթիի: Քննարկուեցան Նաամէի աղբանոցի փակման թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ Միքաթի Սալամին ըսաւ, թէ ինք այս առումով հանդիպում մը ունեցած է կենսոլորտի եւ ներքին գործոց նախարարներու պաշտօնակատարներ Նազեմ Խուրիի եւ Մարուան Շարպելի, ինչպէս նաեւ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդի եւ «Սուքլին» ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որ հրաժարեալ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆլեչըր հաստատեց Լիբանանի նկատմամբ քաղաքացիական ընկերութեան յանձնառութիւնը` աւելցնելով, որ երկրին կառավարութեան կազմութիւնը լիբանանցիներուն պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է:

Ֆլեչըր ընդգծեց, որ Լոնտոն յանձն առած է լիբանանեան պետութեան տարածքին գործող պետական դպրոցները յաճախող բոլոր աշակերտներուն գիրքերուն ծախսերը հոգալ:

 

Share this Article
CATEGORIES