Թրիփոլիի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ
Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ արձանագրուող զինեալ բախումներն ու արձակազինութիւնը երէկ կէսօրէ ետք եւ երեկոյեան սաստկացան, երբ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին անունով շէյխ Սալեմ Ռաֆիհի կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Թրիփոլիի զինեալ բախումները վերսկսած են` Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան պատճառով:
Շէյխ Ռաֆիհի նշեց, որ լիբանանեան պետութեան ապահովական կառոյցներն ու բանակը Թրիփոլիի իրավիճակը հաւասարակշռելու ի վիճակի չեն:
Զինեալ բախումները պատճառեցին 6 զոհեր եւ վիրաւորեցին 50 ուրիշներ, որոնց շարքին` երկու բանակայիններ: Բանակը հակադարձեց կրակոցներուն:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ երկու օրէ ի վեր ընթացող զինեալ բախումները պատասխան են երկրին մէջ տիրող համախոհական մթնոլորտին:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կրնայ յոյս ներշնչել, սակայն ապահովական ուժերն են, որոնք Թրիփոլիի բնակչութեան անվտանգութիւնը կ՛երաշխաւորեն:

