Հարիրի Հաստատեց Յառաջիկայ Նոյեմբերէն Առաջ Լիբանան Իր Վերադարձը Եւ Կտրականապէս Մերժեց Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն Տարազը

Սաատ Հարիրի

Սաատ Հարիրի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ ինք նախքան յառաջիկայ նոյեմբերը, այսինքն` երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման թուականը պիտի վերադառնայ Լիբանան: Այս շրջագիծին մէջ ան պահանջեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը տապալի:

«Եւրոպա 1» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ ինք պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ պիտի մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որպէսզի օրին մէկը դարձեալ վարչապետի պաշտօնը ստանձնէ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք պատրա՞ստ է իր հակառակորդներուն հետ իշխանութիւնը բաժնեկցելու, Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի շահերը իր անձնական շահերէն շատ աւելի կարեւոր են:

Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանան բազմազանութեան եւ ազգային համերաշխութեան երկիրն է` աւելցնելով, որ իր հայրը` Ռաֆիք Հարիրի իր կեանքին գնով պաշտպանած է այդ պատգամը:

«Ես պիտի շարունակեմ պաշտպանել այդ պատգամը, որովհետեւ Լիբանան եւ լիբանանցիները արժանի են անոր», ըսաւ ան:

Սաատ Հարիրի նշեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութիւնը կը նշանակէ Լիբանանի ժողովրդավարութեան իսկական պաշտպանութիւնը:

Ան նշեց, որ իր հօր սպանութեան յանցանքով հինգ ամբաստանեալները Հըզպալլայի անդամներ են` աւելցնելով, որ իր հայրը սպաննելու հրահանգը տրուած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին կողմէ:

«Նախկին նախարար, նահատակ Մոհամետ Շաթահ իր կարգին սուրիական վարչակարգին զոհը կը նկատուի: Ո՛վ որ Ռաֆիք Հարիրին սպաննած է, կրնայ նաեւ Սաատ Հարիրին սպաննել` հակառակ Լիբանանի մէջ անոր համար որդեգրուած ապահովական միջոցառումներուն», ըսաւ ան:

Երեկոյեան «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատանքային ծրագիրին մէջ Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազին որդեգրումը:

Ան նշեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը դրական մօտեցումով մաս պիտի կազմեն կառավարութեան, եւ կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահին վերատեսութեան ենթարկելու կառավարութեան մաս կազմելու իր մերժողական կեցուածքը:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման կարելիութեան` ան ըսաւ, որ իրեն համար նախագահ Սլէյման Լիբանանը ներկայացնող լաւագոյն նախագահն է եւ աւելցուց, որ իր կարծիքով` պէտք է սահմանադրութիւնը բարեփոխել եւ նախագահական պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը վերածել հինգ տարուան, որ կրնայ այլ հնգամեակով մը երկարաձգուիլ:

Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի յոյս յայտնեց, որ բանակը եւ ապահովութեան ուժերը հակակշիռի տակ առնեն թէ՛ Ժապալ Մըհսենի եւ թէ՛ Պապ Թըպպանէի խուլիկանները:

Հարիրի կոչ ուղղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլային` վերջ տալու Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի միջամտութեան, վերադառնալու Պէյրութ եւ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանեալները յանձնելու Միջազգային դատական ատեանին:

Կը նախատեսուէր, որ Հարիրի Փարիզի մէջ հանդիպումներ ունենար նախկին երեսփոխաններ Ֆարես Սուէյտի եւ Սամիր Ֆրենժիէի հետ:

Միւս կողմէ, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը երէկ Լա Հէյի մէջ շարունակեց ամբաստանեալներուն ի բացակայութիւն կատարուող դատավարութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ

խօսք առին նաեւ Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանեալներուն պաշտպան փաստաբանները, որոնք

հարցականներ դրին Միջազգային դատական ատեանին ուղղած ամբաստանութիւններուն վրայ` նկատի ունենալով, որ անոնց ներկայացուցած տուեալներուն առումով ցարդ շօշափելի ոչ մէկ փաստ ներկայացուած է:

Միջազգային դատական ատեանը իր դատավարութիւններուն պիտի վերադառնայ վաղը` չորեքշաբթի, 22 յունուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Նախքան նիստին աւարտը, Միջազգային դատական ատեանի աւագ դատախազ Տէյվիտ Ռէյ յայտնեց, որ փաստերու եւ ապացոյցներու ներկայացումը պիտի սկսի չորեքշաբթի օր: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներուն ընտանիքներուն եւ հարազատներուն:

Իր կարգին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան առումով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքը քաղաքականացած է եւ անոր նպատակն է Հըզպալլայի վրայ ճնշում բանեցնել:

Share this Article
CATEGORIES