Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերուն Շրջագիծին Մէջ Պասիլ Կ՛ունենայ Զանազան Հանդիպումներ

Նախագահ Սլէյման եւ Պասիլ
Կառավարութեան կազմութեան ջանքերը տակաւին կը շարունակուին եւ այդ շրջագիծին մէջ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:
Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումէն ետք, նախագահ Սլէյման լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան ծնունդը շաբաթավերջին պիտի իրականանայ` հաստատելով, որ իրենք կը գտնուին կառավարութեան կազմը վերջնականացնելու հանգրուանին սեմին:
Նախագահ Սլէյման գոհունակութիւն յայտնեց, որ վերջապէս լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը համոզուած են նախարարութիւններու փոխանակման սկզբունքով: Ան շեշտեց, որ Պասիլի հետ իր ունեցած հանդիպումը եղած է դրական:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք պիտի չարտօնէ, որ 25 մարտը հասնի առանց նոր կառավարութեան:
«Եթէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը ի դերեւ ելլեն, ապա բոլոր հաւանականութիւնները` նոյնիսկ չէզոք կառավարութեան կազմութիւնը, առկայ են», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը միշտ պէտք է ներդաշնակ ըլլայ հանրապետութեան նախագահին հետ` նկատի ունենալով, որ ան կ՛արտայայտէ երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը:
Պատասխանելով իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին հարցումի մը, նախագահ Սլէյման կտրականապէս մերժեց այդ մէկը` շեշտելով, որ նման հարց երբեք պէտք չէ արծարծել:
Պասիլ ուղղուեցաւ նաեւ Մսայթպէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Սալամ աւելի ուշ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հիւսէյն Խալիլի եւ խորհրդարանի նախագահի քաղաքական խորհրդական, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի հետ:
Քննարկուեցան նախարարութիւնները բաժնուելու հեռանկարները:
Տեղեկատուական աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախատեսելի էր նաեւ Սալամի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայացուցիչին` ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի միջեւ հանդիպում մը:

