Հայաստանի Քաղաքացիները Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Ռուսիոյ Մէջ Կրնան Մնալ Միայն 90 Օր

migration«Սիվիլնեթ» կը հաղորդէ, որ 1 յունուար 2014-էն սկսեալ Ռուսիոյ մէջ  ուժի մէջ մտած են «Ռուսիայէն ելքի եւ Ռուսիա մուտքի մասին» եւ «Ռուսիոյ մէջ օտարերկրեայ քաղաքացիներու իրաւական կարգավիճակի մասին» դաշնակցային օրէնքներուն մէջ կատարուած փոփոխութիւնները:

Հայաստանի գաղթականներու պետական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 1 յունուարէն սկսեալ առանց մուտքի արտօնագիրի Ռուսիա մուտք գործելու իրաւունք ունեցող պետութիւնները, որոնց շարքին` Հայաստանի քաղաքացիները կրնան Ռուսիոյ տարածքին մէջ մնալ 90 օր` իւրաքանչիւր 180 օրուան ընթացքին:

«Ատիկա կը նշանակէ, որ այդ պետութիւններու քաղաքացիները Ռուսիոյ մէջ 90 օր գտնուելէ ետք այլեւս չեն կրնար Ռուսիոյ սահմանը կտրել եւ անմիջապէս վերադառնալ, ինչպէս ատիկա նախապէս կ՛ընէին:

«Անհրաժեշտ է հաշուի առնել, որ վերոյիշեալ կարգը խախտողներուն համար սահմանուած է Ռուսիա մուտք գործելու արգելք 3 տարի ժամկէտով», ըսուած է Հայաստանի գաղթականութեան պետական ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES