Թրքական Ընդդիմադիր Կուսակցութեան Փոխնախագահը Կ՛առաջարկէ Շիշլիի Փողոցներէն Մէկը Տինքի Անունով Կոչել

Սեզկին Թանրըքուլու
«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Սեզկին Թանրըքուլու ներկայացուցած է օրէնսդրական նախաձեռնութիւն մը, որով կ՛առաջարկէ Շիշլիի փողոցներէն մէկը կոչել Հրանդ Տինքի անունով:
Ան առաջարկը պայմանաւորած է ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ յիշատակը վառ պահելու նպատակով պատմութեան մէջ հետք ձգած անձերու պատուին ճամբաներ եւ փողոցներ անուանակոչելու աւանդութեամբ:
«Հանրութեան լուսաւորման հարցին մէջ դեր ունեցած, խաղաղութեան ծառայած, Թուրքիոյ համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցած մարդոց անուններով երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ փողոցներ, ճամբաներ եւ զբօսայգիներ կ՛անուանակոչեն: 19 յունուար 2007-ին սպաննուած լրագրող Հրանդ Տինքի անունն ալ այս երկրին պատմութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ», ըսած է ան:
Թանրըքուլու կ՛ընդգծէ, որ Հրանդ Տինքը սպանողներն ու սպանութեան ետին կանգնած կազմակերպութիւնը կ՛ուզեն թաքցնել: «Այս հանրութեան մէկ կարեւոր մասը իր խղճին առջեւ դատապարտած է զանոնք եւ Հրանդ Տինքին արժանի գնահատական տուած: Տինքի յուղարկաւորութեան արարողութեան հարիւր հազարաւոր մարդիկ անոր նկատմամբ տեղի ունեցածը երբեք չմոռնալու խոստում տուած են», ըսած է Թանրըքուլու:
Ան յիշեցուցած է, որ տակաւին 2010-ին Պոլսոյ նահանգապետարանը մերժած էր Տինքի անունով փողոց անուանակոչելու կոչը եւ նշած, որ փողոցի անուանափոխութիւնը հասցէներու խառնաշփոթ կրնայ յառաջացնել:
«Առանց փողոցներ կամ այգիներ Տինքի անունով անուանակոչելու ալ Տինքի յիշատակը հանրութեան սրտին մէջ վառ պիտի մնայ, սակայն անոր հարազատներուն եւ մերձաւորներուն ցաւը յարգելու համար ատիկա կարեւոր է», ըսած է ընդդիմադիր քաղաքական գործիչը:
Տինքի Յիշատակը Ոգեկոչած Են
Տերսիմի Մէջ
«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Տինքի յիշատակին արարողութիւն մը տեղի ունեցած է Տերսիմի Հոզաթ շրջանի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ աւերակներուն մէջ: Արարողութիւնը սկսած է ոչ թէ Տինքին, այլ կոտորուած ամբողջ հայ ժողովուրդին յարգանքի տուրք մատուցելով:
Խօսք արտասանած է Ճեւտեթ Քոնաք, որ նշած է, թէ հաւաքուած են 7 տարի առաջ սպաննուած Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցին եւ 1915-էն ի վեր սպաննուած բոլոր հայ եղբայրներուն յիշատակը յարգելու: «Գիտենք, որ այս հողերը որքան քիւրտերուն ու ալեւիներուն, նոյնքան ալ պատկանած են հայ ժողովուրդին, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք անգամ մը եւս սուգի մատնուած է: Հրանդը սպաննողները տակաւին չեն բացայայտուած, եւ մեր սրտի ցաւը անցնող ամէն օր աւելի կը մեծնայ: Սակայն այդ ցաւը մեր սրտերուն մէջ պիտի սնուցէ արդարութեան նկատմամբ հաւատք, որ անցնող ամէն օր աւելի պիտի մեծնայ», ըսած է ան:

