Ազրպէյճանական Հետախուզական Գործողութիւնը Կանխելու Ընթացքին Հայ Զինուոր Մը Նահատակուեցաւ
19 յունուարի կէս գիշերին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զօրքերու սահմանագիծին հիւսիսարեւելեան (Ջրաբերդ) եւ հարաւարեւելեան (Կորգան) ուղղութիւններով ազրպէյճանական խումբերու հետախուզական բնոյթի համակարգուած փորձ կատարուած է: Այս մասին կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը:
Հայկական կողմը ազրպէյճանական փորձը ձախողութեան մատնած է` թշնամիին պատճառելով նկատառելի մարդկային ու նիւթական կորուստներ: Հայկական կողմէն նահատակուած է զինուոր մը` Արմէն Յովհաննիսեան:
Հայաստանի Եւ Արցախի Արտաքին Գործերու Նախարարներ
Անդրադարձան Ազրպէյճանական Յարձակման
Երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործերու նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Կարէն Միրզոյեանի հանդիպումը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան անցեալ տարի Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն փոխադարձ գործակցութեան արդիւնքները եւ այդ ուղղութեամբ այս տարի իրականացուելիք աշխատանքները:
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները ամփոփեցին 2013-ի ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու ուղղութեամբ իրականացուած քայլերը, արծարծեցին Ազրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշման պատճառով բանակցային հոլովոյթին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Հայաստանի հետ սահմանին եւ Արցախի հետ շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէն կազմակերպուող սադրանքներու համայնապատկերին մէջ նախարարներ Նալբանդեան եւ Միրզոյեան անդրադարձան նախանցեալ գիշեր Ղարաբաղի հիւսիսարեւելեան եւ հարաւարեւելեան ուղղութիւններով ազրպէյճանական յարձակող խումբերու ներթափանցման փորձերուն, որ յանգեցուցած է կրտսեր տասնապետ Արմէն Յովհաննիսեանի մահուան: Նախարարները ազրպէյճանական կողմի այս յարձակումները գնահատած են իբրեւ սադրիչ եւ անպատասխանատու քաղաքականութեան հերթական դրսեւորում եւ այս շաբաթ ծրագրուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները խանգարելու փորձ:
Յետմահու Պարգեւատրում
Երէկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրեց հրամանագիր մը, որով Ղարաբաղի պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար զոհուած զինուոր Արմէն Յովհաննիսեանը յետմահու պարգեւատրուեցաւ «Արիութեան համար» մետալով:

