Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Օրը ուրախ անցընելը ձեր ձեռքն է, որքան որ կրնաք, ձեզմէ հեռացուցէք յոռի միտքերը, անցեալին տեղի ունեցած ձախողութիւնները: Լաւատես եղէք, կը շահիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յարգէ, որ յարգուիս ասացուածքը հիմք մը ունի, հետեւաբար մի՛ անտեսէք ձեզմէ տկարը, կը բարձրանաք: Տկարին օգտակար ըլլալը աստուածահաճոյ գործ է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ կարենաք, յատուկ կամ աննախընթաց առիթները օգտագործեցէք, կրնաք յաղթական դուրս գալ կեանքի պայքարէն: Իմաստութիւնը ճիշդ ժամանակը օգտագործելն է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր լսած խօսքին շուտով մի՛ հաւատաք, կրնայ տարաձայնութիւն ըլլալ: Նախ ստուգեցէք, ետքը փոխանցեցէք ձեր լսածը` ձեր շուրջիններուն: Լուռ մնալը նախընտրելի է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դատական հարց մը կրնայ լուծուիլ ի նպաստ ձեզի, եթէ պատրաստ ըլլաք լսելու թելադրանքները փորձառու անձի մը: Ինքնագլուխ մի՛ շարժիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հոգեկան գոհունակութեամբ պիտի դիմաւորէք օրը, որովհետեւ պիտի լսէք յաջող արդիւնքը ձեր պատրաստած ստեղծագործական աշխատանքին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Փոփոխամիտ ըլլալը դրական կեցուածք չէ: Ձեր այոն այո, եւ ոչը ոչ պէտք է ըլլայ: Այս պատգամը Սուրբ Գիրքէն կու գայ, ուրեմն ականջ տուէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի հրաւիրուիք տեղ մը, ուր կրնաք հանդիպիլ անծանօթ անձերու: Անոնց միջեւ դուք ձեզ օտար մի՛ նկատէք, մօտեցէք ամէնուն բարեկամի մը նման, սիրալիր: Կը յարգուիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Երկար բարակ մտածելը որոշում մը տալու համար այդքան ալ նպաստաւոր չէ: Ձեր ներքին ձայնը, ձեր խիղճը արագ կը պատասխանեն, հետեւեցէք անոնց:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
«Բարիքի դէմ բարիք` ամէն մարդու գործ, չարիքի դէմ բարիք` ազնիւ մարդու գործ է» կ՛ըսեն: Այս խօսքին մէջ ճշմարտութիւն կայ եւ ոչ` տկարութիւն:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կրցած էք բազմատեսակ դժուարութիւններ յաղթահարել: Այսօրուան դժուար նկատուած խնդիրն ալ պիտի լուծէք` շնորհիւ ձեր հանդարտ տրամաբանելու սկզբունքին: Օրը բարի պիտի ըլլայ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ձեր կատարած օգնութիւնը չարափոխուած է իբրեւ ցուցամոլութիւն, նկատի մի՛ առնէք: Նախանձողներուն ականջ մի՛ տաք, շարունակեցէք ձեր աշխատանքը` ըստ ձեր կամեցողութեան: Օրը արդիւնաւէտ է:

Share this Article
CATEGORIES