50 Տարի Առաջ (22 Յունուար 1964)

Հայ Կեանք

Մեծահռչակ Ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքի
6
Հազար Նկար Արտադրած Էր

1900-ին Թէոդոսիոյ մէջ վախճանեցաւ մեծահռչակ ծովանկարիչը, 83 տարեկանին, փառքով, շքեղանքով ու պարծանքով բեռնաւոր, ու մարմինը ամփոփուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցիին գաւիթը: 1886-ին տօնուեր էր իր գեղարուեստական գործունէութեան յիսնամեակը, յաջորդ տարի` 1887-ին ընտրուեր էր պատուոյ անդամ Գեղարուեստից ակադեմիային, 1897-ին ալ տեսեր էր իր ծննդեան ութսուներորդ տարեդարձին ու իր գեղարուեստական գործունէութեան 60-ամեակի հանդիսութիւններն ու տօնակատարութիւնները:

Յովհաննէս Այվազովսքի եղած է նկարիչներու ամէնէն բազմաբեղուններէն մին` 63 տարուան մէջ արտադրելով շուրջ 6000 նկար ու կազմակերպելով 100-է աւելի ցուցահանդէս, որոնց հասոյթը ընդհանրապէս կը յատկացնէր բարեգործական նպատակներու: Իր հրաշակերտները այսօր կը զարդարեն աշխարհի նշանաւոր թանգարանները` Ս. Փեթերսպուրկի Էրմիթաժէն մինչեւ Ամերիկա, ու նաեւ` անհատներու հաւաքածոները: Իր անուան նկարասրահ մը գոյութիւն ունի Թէոդոսիոյ մէջ: Յիշատակի մեծավայելուչ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան 1950-ին, իր մահուան յիսնամեակին առիթով: Այվազովսքի իր ակադեմական աշխատանքին սկսաւ մանրակրկիտ կերպով սերտելով ռուս նկարիչներու բնանկարները, մասնաւորապէս` Սիլվեսթըր Ֆ. Շչեթրինի եւ իր ուսուցչին Մաքսիմ Ն. Վորոպնովի պաստառները: Սկսաւ դասականէն` յետոյ անցնելու համար վիպական քնարականին ու որպէս վիպապաշտ` մեծ դեր խաղաց ռուսական ծովանկարչութեան զարգացման մէջ: Մեր մէջ ալ ծովանկարիչ Վարդան Մախոխեանի պաստառները ցոյց կու տան որոշ ազդեցութիւնը Յովհաննէս Այվազովսքիի:

Յովհաննէս Քհնյ. Հաճեան Վախճանած`
Թեհրանի Մէջ

Ամսոյս 16-ին Թեհրանի մէջ անակնկալ կերպով վախճանած է վաստակաւոր հոգեւորական եւ ազգային գործիչ Յովհաննէս Ա. քհնյ. Հաճեան, խոր ծերութեան մէջ:

Տ. Յովհաննէս քահանայ ազգային-հասարակական բազմամեայ գործունէութիւն մը ունեցած է եւ երկար ատեն աշխատակցած է «Ալիք»-ին:

Յունուար 19-ին Թեհրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ օծման արարողութիւնը կատարուած է եւ մարմինը ամփոփուած Դուլաբի հայոց գերեզմանատունը:

Մահ Ընկ. Արմէն Պազիկեանի

«Ասպարէզ»-ի 6 յունուարի թիւէն ցաւով տեղեկացանք, թէ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր վաստակաւոր ընկերներէն Արմէն Պազիկեան, վասպուրականցի, հաւատաւոր եւ նուիրեալ դաշնակցական մը, որ մինչեւ մահ իր համեստ ծառայութիւնը բերաւ հայ ժողովուրդին, հանրային լրիւ գիտակցութեամբ:

Տոքթ. Սուրէն Երզինկեան Մեռած Է
Շուէտի Մէջ

Շուէտի մեծագոյն օրաթերթը` «Տակենս Նիեթեր» իր 2 յունուարի թիւին մէջ կը գրէ.

Տոչենթ Սուրէն Երզինկեան – Լորելլի մեռած է Ուփսալայի մէջ, 82 տարեկանին:

Ս. Լորելլի ծնած էր Հայաստան եւ իր ուսումը ստացած Ժընեւ, ուր եղած էր արեւելեան լեզուներու գրականութեան եւ պատմութեան տոչենթ (ընկալական):

Ս. Լորելլի միջոց մը ապրած էր Ռուսիա, ուրկէ 1940-ին Ֆինլանտայի վրայէն անցած էր Շուէտ եւ հաստատուած` Ուփսալա:

Նոր Ժապաւէն Մը
Երեւանի Արուեստանոցէն

Երեւանի արուեստանոցը պատրաստած է նոր ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէ գեղանկարիչ Վարդգէս Սուրէնեանցի կեանքը եւ արուեստը:

Դիտելով ժապաւէնը` հանդիսատեսը մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի նկարիչին կեանքին եւ բեղմնաւոր գործունէութեան: Վրաստան (ուր ծնած է նկարիչը), Մոսկուա` Լազարեան ճեմարան, Միւնիխ (ուր աւարտած է Գեղարուեստի ակադեմիան), Իրան, Սպանիա, Իտալիա, Կովկաս, Խրիմ: Ասոնք բոլորն ալ հանգրուաններ են նկարիչին կեանքին մէջ, որոնք սնուցած են անոր արուեստը, օգնած կատարելագործուելու:

Նախատեսուած է հետագային նման ժապաւէններ պատրաստել կարգ մը անուանի մարդոց մասին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES