«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նոր Սիսի Աստիճանական Բարգաւաճումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Ա. առաջին վեհափառ իր վերջին քարոզի պահուն, 1963-ին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Ա. առաջին վեհափառ իր վերջին քարոզի պահուն, 1963-ին

Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասը հիմնուած է 1931-ին: Տարիներու ընթացքին, աստիճանաբար շրջանը շէնցաւ, բարգաւաճեցաւ, փայտաշէն, թիթեղածածկ եկեղեցին քակուեցաւ եւ կառուցուեցաւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, իսկ Ազգային Լուսինեան վարժարանը հետագային, ի պատիւ իր բարերարին, վերակոչուեցաւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան:

Լուսինեան վարժարանը սկզբնական շրջանին փայտաշէն էր եւ երկու յարկի վրայ կային վեց սենեակներ: Իսկ մանկապարտէզը Միսաք Ազիրեանի տրամադրած շէնքին մէջ տեղաւորուած էր: Հետագային եկեղեցւոյ հարաւը գտնուող հողաշերտը գնուեցաւ: Թաղականութիւն եւ հոգաբարձութիւն իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող ամբողջ դրամը ծախսեցին եւ ազգային իշխանութեան երաշխաւորութեամբ 70 հազար ոսկի քաշելով երկու դրամատուներէ, տենդագին աշխատանքի լծուեցան: 1962-ին պաշտօնական հանդիսութեամբ կատարուեցաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը` նախագահութեամբ առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոս Բարոյեանի: Աշնան շինարարական աշխատանքները իրենց աւարտին հասան եւ մանկապարտէզի աշակերտութիւնը տեղաւորուեցաւ նորակառոյց շէնքին մէջ:

Դպրոցի նիւթական մեծ բացը ինքնայօժար կերպով գոցեց Աքսոր Գասարճեան, եւ 1963-ին վարժարանը վերանուանուեցաւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան:

***

«Ազդակ» 9 փետրուար 1963-ի թիւով եւ «Բարգաւաճող Նոր Սիսը» խորագիրով յօդուածով կը գրէր.

Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնին մէջ, Նոր Սիսը, իր դպրոցով, եկեղեցիով, ակումբով, մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ հայրենակցական կազմակերպութիւններով, ազգապահպանման եւ հայեցի տոհմիկ դաստիարակութեան սատարող օգտաշատ դեր մը կատարած է եւ կը շարունակէ կատարել:

Նախնական եւ շատ խեղճ պայմաններու մէջ սկսած այս գործունէութիւնը, տարիներու ընթացքին, շնորհիւ սիսեցի հայրենակիցներու համերաշխ, եռանդուն եւ ազգանուէր գործունէութեան, ոչ միայն յառաջդիմեց կազմակերպչականօրէն, այլեւ բարելաւուած ու ներկայանալի բնակարաններու զուգընթաց, բարձրացան գեղակերտ Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ մանկավարժական արդիական պայմաններով օժտուած ներկայանալի դպրոցը:

Եւ իրապէս, անոնք, որոնք կը ճանչնան Նոր Սիսը իր հիմնադրութեան օրերէն, կրնան վկայել կատարուած այս սքանչելի բարեփոխութիւններու մասին, շինարարական թէ կազմակերպչական, որոնք արդիւնք են սիսեցիի տքնաջան աշխատանքին, աննկուն կամքին եւ աւանդապահ հայրենասիրութեան:

Նոր Սիսի դպրոցը հիմնուած է 1931-ին, 280 երկսեռ աշակերտներով: Սկզբնական շրջանին անիկա տախտակէ վարագ մըն էր:

1932-ին, երկու յարկի վրայ կը շինուին վեց սենեակներ: Այս սենեակները կը դառնան նախակրթարան: Մանկապարտէզի բաժինը կը փոխադրուի կաթողիկոսարանի բարերար Միսաք Ազիրեանի տրամադրած հողամասին վրայ եւ իր իսկ կողմէ կառուցուած սրահին ու յարակից սենեակներուն մէջ:

Ամբողջ 50 տարիներ, «Ազիրեան» սրահը գնահատելի դեր մը կը կատարէ, օգտագործելով իբրեւ մանկապարտէզ: Միսաք Ազիրեան, ոչ միայն նիւթական վարձատրութիւն ստացած չէ, այլ եւ բարերարի ազնուական կեցուածքով, իբրեւ ազգասէր սիսեցի, միշտ ալ բարոյական ու նիւթական իր լայն օժանդակութիւնը բերած է դպրոցին, եկեղեցիին եւ հայրենակցական ձեռնարկներուն:

Նոր Սիսի ազգային մարմինները, երախտագիտական անկեղծ զգացումներով կը յարգեն իրենց մեծանուն հայրենակիցը:

1935-ին շինուած է Ս. Սարգիս տախտակաշէն եկեղեցին: 1948-ին գնուած է հողամաս մը իր երեք սենեակներով: 1952-ին նոր սենեակներ եւս կառուցուած են, նախակրթարանի բաժնի սենեակներուն թիւը բարձրացնելով 12-ի:

1950-ին, տախտակաշէն եկեղեցին կը  վերակառուցուի գեղակերտ շինութեամբ, երկրորդ յարկի վրայ:

Թաղականութեան ու հոգաբարձութեան եռանդուն այս գործունէութիւնը մարմին կու տայ Շինութեան յանձնախումբի մը:

Լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան, զօրավիգ կը կանգնի Շինութեան յանձնախումբի գործունէութեան: Շուտով եկեղեցւոյ ձախ կողմը գտնուող հինգ հողամասեր կը գնուին ու կը միացուին դպրոցին:

Մանկապարտէզի հիմնարկէքը, 1962-ին

Մանկապարտէզի հիմնարկէքը, 1962-ին

Այս հողամասերուն գետնայարկը մեծամասնութեամբ կը յատկացուի խաղավայրի, իսկ վերի յարկը արդիական նոր մանկապարտէզի: Դպրոցը ունի 17 դասարաններ, երկու ուսուցչարան եւ մէկ հաւաքավայր: Կ՛ուսանին 520 երկսեռ աշակերտներ, տնօրէնութեամբ Անդրանիկ Ուրֆալեանի: Կը պաշտօնավարեն 22 երկսեռ ուսուցիչներ:

Շինարարական թէ կահաւորման գծով, մեծ օժանդակութիւն ցոյց տուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը: Երկար տարիներ դպրոցը վայելած է Լիբանանահայ Օգնութեան խաչի եւ հայրենակցական զանազան միութիւններու օժանդակութիւնը:

Շինութեան յանձնախումբը ունեցած է 140.000 լ. ոսկիի ելեւմուտ: Այս գումարին 70.000 լ. ոսկին գոյացած է տասը տարիներու ընթացքին թաղականութեան, հոգաբարձութեան եւ վարժարանի ամբողջական գործակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկներով: Գնած է նաեւ երեք յարկանի հասութաբեր կալուած մը: Թաղի ազգային իշխանութիւնը ունի 70.000 լ. ոսկի պարտք:

1962-ի վերջին կիսամեակին, բնիկ սիսեցի ազնուական հայորդի մը, Աքսոր Գասարճեան, հակառակ տարիներով հեռու ապրած ըլլալուն հայկական միջավայրէն, տոգորուած սակայն հայրենակցական եւ ազգային զգացումներով, շնորհիւ իր բարեկամական կապին թաղի երիտասարդներէն Միսաք Ռաֆայէլեանի, կը տեղեկանայ ստեղծուած կացութեան ու իր կենսական միջամտութեամբ եւ բարեացակամ տրամադրութեամբ յանձն կ՛առնէ դպրոցի ամբողջական բացը գոցելու նուիրատուութիւնը:

Թաղի Ազգ. մարմինները, համախորհուրդ առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային քաղաքական ժողովի եւ Ուսումնական խորհուրդի, կ՛որոշեն Լուսինեան Ազգ. վարժարանը վերակոչել «Աքսոր Գասարճեան Ազգ. երկսեռ վարժարան»:

***

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Առաջին վեհափառը կը հասնի Նոր Սիս, 1963-ին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Առաջին վեհափառը կը հասնի Նոր Սիս, 1963-ին

Կիրակի, 10 փետրուար 1963-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը կատարուեցաւ մեծ շուքով, բարձր հովանաւորութեամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի:

Զարեհ վեհափառ ժամանեց 200 ինքնաշարժներու թափօրով եւ խանդավառ ծափերու արժանացաւ: Մուտքի դրան առջեւ, յաղթական կամարին տակ ոչխար մը զենուեցաւ:

Հանդիսաւոր պատարագի ընթացքին վեհափառը կատարեց օծումը եկեղեցւոյ մարմարակերտ նոր խորանին: Խորէն սրբազան օրհնեց բոլոր նուիրատուները եւ Նոր Սիսի ազգային մարմինները` իրենց ձեռք բերած սքանչելի յաջողութիւններուն համար:

Վեհափառը աւուր պատշաճի քարոզեց եւ տուաւ իր օրհնութիւնը:

Յաւարտ սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ պաշտօնական արարողութեամբ կատարուեցաւ դպրոցի նոր անուան` Աքսոր Գասարճեան ազգային երկսեռ վարժարանի մկրտութիւնը:

Վեհափառն ու առաջնորդը՝ բարերարին տիկնոջ, աղջկան եւ որդւոյն հետ

Վեհափառն ու առաջնորդը՝ բարերարին տիկնոջ, աղջկան եւ որդւոյն հետ

Տիկին Անահիտ Գասարճեան, դպրոցին նոր անունը կրող մարմարեայ ցուցատախտակին վրայի քողը քաշեց ծափերու եւ խանդավառութեան մէջ:

Ապա տեղի ունեցաւ աւանդական մեծ ճաշկերոյթ նորակերտ վարժարանին մէջ:

***

«Ազդակ» 18 եւ 19 յունուար 1963-ի թիւերով եւ «Ախտաւոր երեւոյթներ» խորագիրով խմբագրականներով կ՛արծարծէ հայ կեանքին առնչուող շարք մը երեւոյթներ ու մտահոգութիւններ.

Կարգ մը ախտաւոր երեւոյթներ կը սպառնան վտանգաւոր կերպով բոյն դնել մեր բարքերէն ներս: Բարոյախօսութիւնը չէ մեր նպատակը: Գործնական չենք նկատեր օդին մէջ նետուած խօսքերը, որոնք դատապարտուած են մնալու ձայն բարբարոյ յանապատի: Պիտի գոհանանք կարգ մը մատնանշումներով, աւելի կոչ ընելով մեր ժողովուրդի զգաստութեան, երեւան հանելու համար վտանգաւոր այլասերման մը տուն տուող հիմնական պատճառները:

Առաջին երեւոյթը տասնամեակներու պատմութիւն ունի: Բայց կարգ մը դէպքեր եկան յիշեցնելու, թէ այդ ուղղութեամբ թափուած ուղղակի կամ անուղղակի աշխատանքները բաղձալի արդիւնքը չեն տուած:

Ճիշդ է, որ շնորհիւ վարժարաններու տարածուն ցանցին, մշակութային միութիւններու գործունէութեան, թրքախօսութիւնը վերջին տասնամեակներու ընթացքին նահանջի մէջ է, բայց տակաւին երբեմն կը գտնուինք այնպիսի երեւոյթներու առջեւ, որոնք աւելի քան երբեք դատապարտելի են:

Չենք խօսիր տարեց հայրենակիցներու թրքախօսութեան մասին: Անոնցմէ ոմանք դժբախտութիւնը ունեցած են զրկուելու մայրենի լեզուէն, ծանօթ պայմաններու բերումով: Ուրիշներ տակաւին տուրք կու տան հին սովորութեան մը: Ցաւը հոն է` որ մեր թշնամիի լեզուն տակաւին «կը ծաղկի» շրթներուն վրայ անոնց, որոնք ծնած ու հասակ նետած են այն միջավայրին մէջ, ուր ոչ մէկ արգելք կայ խօսելու մայրենի լեզուն:

Ասիկա տակաւին ամէնօրեայ դրսեւորումն է հիւանդագին ախտի մը: Հապա ի՞նչ ըսել այն հայերու մասին, երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ, որոնք կը լեցնէին շարժանկարի սրահ մը` թրքական ժապաւէն մը դիտելու համար: Ու մտածել, որ երբ առեւտուրի մարդիկ նման ժապաւէններ կը բերեն Պէյրութ, կը վստահին միայն հայ զանգուածին «թրքասիրութեա՜ն»: Այլապէս, պիտի չհամարձակէին այդպիսի բազմածախս ձեռնարկներու մէջ նետուիլ:

Մեր մամուլը պէտք է անդուլ պայքար մղէ այս ուղղութեամբ: Իրենց հայրենակիցներուն առջեւ պէտք է վարկաբեկեն այն տարրերը, որոնք տակաւին կը յամառին թրքական լեզուին ձրի քարոզիչները հանդիսանալ այս երկիրներուն մէջ, ինչպէս այնքան ամբարտաւանօրէն դիտել կու տար թուրք լրագրող մը, տարիներ առաջ:

Հայ ժողովուրդը չի կրնար հանդուրժել այդ նախատինքին: Պէտք չէ հանդուրժէ: Պէտք չ է հանդուրժէ մանաւանդ երիտասարդութիւնը, որ թէեւ չտեսաւ թուրքին վայրագութիւնները, բայց գիտէ – չի կրնար չգիտնալ – թէ մեր բոլոր դժբախտութեանց աղբիւրը թուրքն է,- պետութիւն ու ժողովուրդ:

Այս ուղղութեամբ մեծ դեր ունին կատարելիք մեր մշակութային միութիւնները, որոնք իրենց անդամներու ցանցով, հայկական թաղերու մէջ, պէտք է համոզիչ պայքարի ձեռնարկեն թրքախօսութեան աւերին դէմ:

Մէկ ուրիշ երեւոյթ է սրճարաններու ցանցին բազմացումը հայկական թաղերէն ներս, մասնաւորաբար, երբ նկատի ունենանք, թէ սրճարանի մնայուն յաճախորդներուն բարձր տոկոսը կը կազմեն երիտասարդները:

Հոս արդէն հարցը կը ստանայ ընդհանրական-ընկերային բնոյթ եւ կը սպառնայ մեր բարքերուն, որոնց անաղարտ պահպանման համար հայը այնքան մեծ զրկանքներ պարտադրած է ինքզինքին:

Սովորական իմաստով սրճարաններ չեն մեր մատնանշումին ենթակայ վայրերը, այլ բախտախաղի կեդրոններ, ուր հայ երիտասարդը, նոյնիսկ պատանին, ոչ միայն նիւթապէս կը տուժէ, այլ նաեւ բարոյապէս անկումէ անկում կը գլորի, օրին մէկն ալ դառնալու համար անպէտք տարր մը ընկերութեան համար:

Ընթացիկ երեւոյթ է տեսնել պատանիներ, որոնք ծխապատ սրճարաններու մէջ, ախտաբոյր մթնոլորտի մը բոլոր ապականութիւնները կ՛ապրին, ծիւրելով հոգեպէս ու բարոյապէս:

Այդպիսիներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը անգործներ են: Իսկ բախտախաղի համար դրամ պէտք է: Կարելի է երեւակայել, թէ ինչպիսի աններելի միջոցներու կրնայ դիմել խաղամոլ երիտասարդ մը` շարունակ նիւթ հասցնելու համար կանաչ սեղանին: Այդպէսով կը քակուի կծիկը բազմաթիւ այլ ախտաւոր երեւոյթներու, որոնց մասին չենք ուզեր խօսիլ, առ այժմ:

Դարմա՞նը այս բոլորին: Միջոցները չեն պակսիր:

Առաջին առթիւ, մեծ դեր ունին կատարելիք մեր վարժարանները, ու յատկապէս մարզական միութիւնները, որոնք յարմար միջավայր մը կրնան պարգեւել սրճարանային կեանքի դատապարտուած պատանիներու եւ երիտասարդներու:

Ասոր համար, մեր մարզական միութիւնները պէտք է ընդարձակեն իրենց գործունէութիւնները: Մասնաւորաբար պէտք է վարկ տան սկաուտական շարժումին, ստեղծելով լայն հնարաւորութիւններ` հրապուրելու համար հայ պատանիները:

Այս ուղղութեամբ, հարկ չկայ շեշտելու, թէ ի՞նչ մեծ դեր կրնայ ունենալ խաղավայր մը, Պուրճ Համուտի նման հայահոծ շրջանի մը մէջ: Այն պատանիները, որոնք փողոցները կը սլքտան կամ սրճարան կը յաճախեն, անպայմանօրէն պիտի փութան դաշտ, ուր զուարճութեան անսահման կարելիութիւններ կրնան ստեղծուիլ իրենց համար:

Ապագային հանդէպ մեծ պատասխանատուութիւն մը ունինք բոլորս: Եթէ այսօր վտանգաւոր զառիթափին վրայ չկեցնենք մեր պատանիները, վաղը շատ ուշ պիտի ըլլայ արդէն: Կիսամիջոցները արդիւնք չեն տար: Իւրաքանչիւր գիտակից հայ, անկախ միութիւններու կատարելիք դերէն, այս ուղղութեամբ կրնայ արդիւնաւոր գործ կատարել, եթէ փորձէ սրճարանային կեանքի ապականութենէն փրկել գոնէ անոնք, որոնք ամբողջովին չեն խրած տիղմին մէջ:

Պէտք չէ անգիտանալ այն իրողութիւնը, որ սրճարաններու անկիւնը իրենց ժամերը վատնող գորշ զանգուածը կորսուած սերունդ մըն է, անատակ այն պայքարներուն, որ հայութիւնը կը մղէ իր ինքնութիւնը պահելու համար: Մեր ո՞ր ուժերով պիտի նայինք ապագային, եթէ այդ ուժերը չըլլան մեր նորահաս պատանիներն ու երիտասարդները: Սերունդները կ՛ունենան միշտ իրենց կորուստի բաժինը, բայց եթէ այդ բաժինը մեծ համեմատութիւններու հասնի, հետագային դժուար պիտի ըլլայ անոնց փոխանցումը կատարել բնականոն ճանապարհով:

Մեր շատ մը հիմնական կարծուած խնդիրները կը նսեմանան այս կենսական հարցին առջեւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES