Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Սուրիահայութեան Հարցերուն Վերաբերող
Հանդիպում–Քննարկում Հայաստանի Մէջ
Յունուար 13-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայութեան եւ անոնց բազմաբնոյթ հարցերուն վերաբերող հանդիպում-քննարկում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ալէփփօ արմինեընզ» Դիմատետրի էջի հիմնադիր Հրաչ Քալսահակեան, «Արմինեընզ օֆ Ալէփփօ» խումբի պատասխանատու Ռոպերթ Սիւլահեան, հալէպահայ վիրաբուժ Վազգէն Պերղութեան, սուրիահայեր` Արաքսի Խտրլարեան եւ Թալին Մակարեան: Ներկայ էին մեծաթիւ սուրիահայեր, որոնք հաստատուած են Հայաստան:
Սուրիական հակամարտութեան պատճառով Հայաստան հաստատուած սուրիահայերը սփիւռքի նախարարութենէն կ՛ակնկալեն իրենց տրամադրուող տարատեսակ օժանդակութիւններու գործընթացի թափանցիկութեան առաւել շեշտուածութիւն` ցանկերուն մէջ սխալ անձերու յայտնուիլը բացառելու համար, ըսաւ Ռոպերթ Սիւլահեան: Անոր համաձայն, խօսակցութիւններ շրջան կ՛ընեն այն մասին, որ սուրիահայերուն տրուող օժանդակութիւնը հասցէագրուած չէ, սակայն ճշգրիտ փաստեր չկան այդ լուրերուն մասին: Անոնք դիմած են սփիւռքի նախարարութիւն, եւ կառոյցը յանձն առած է շուտով ներկայացնել սուրիահայերուն տրուող օգնութեան մասին տեղեկատուութիւն:
Հալէպահայ վիրաբուժ Վազգէն Պերղութեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերը տարբեր աղբիւրներէ կը ստանան օժանդակութիւն, որուն յանձնումը կը համակարգէ սփիւռքի նախարարութիւնը: Սուրիահայերուն նպատակն է, որ օժանդակութենէն օգտուին իրական կարիքաւորները, եւ բաշխման գործընթացը ըլլայ թափանցիկ: Պերղութեանի համաձայն, ներկայիս Հայաստանի մէջ կան 11 հազար սուրիահայեր, որոնց 3000-ը կարիքաւոր է: Ընդհանուր առմամբ, տարեկան իբրեւ պարէն անոնց կը տրուի շուրջ 1 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն (1 անձին` 30 տոլարի պարէն ստանալու ամսական): Պերղութեան նշեց, որ Սուրիայէն եկած հայերուն մեծ մասը աշխատելու կարելիութիւն ունի: Շատ են նաեւ պարագաները, երբ հայեր կը մնան Հալէպ` աշխատելու, իսկ անոնց ընտանիքը կը տեղափոխուի Հայաստան: Բանախօսները կարեւոր նկատեցին Հալէպի հայ համայնքը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ հայկական սփիւռքի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը:
«Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաները իսլամացնելու քաղաքականութիւն չի գործադրուիր», դիտել տուաւ Հրաչ Քալսահակեան` հիմնուելով Հալէպ ապրողներէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն վրայ: «Կրօնափոխ ըլլալու հարցը մեծ արձագանգ ունեցաւ, տեսանիւթեր շրջան ըրին այս մասին: Ես դիտեցի տեսանիւթ մը, ուր տղայ մը արաբերէնով կը պատմէ, որ ինք իսլամացած է: Որեւէ փաստ չկայ այն մասին, որ ինք հայ է, երկրորդ` ոչ ոք կրնայ փաստեր բերել այն մասին, որ անոր ստիպած ըլլան ատիկա կատարելու: Սակաւաթիւ անձեր իսլամութիւնը կ՛ընդունին իբրեւ կրօն, պատճառները տարբեր են: Կը կարծեմ, թէ եղածը վախ տարածելու փորձ է հիմնականին մէջ», յայտնեց ան:
Հրաչ Քալսահակեան դիտել տուաւ, որ յաճախ սխալ տեղեկատուութիւն կը դրուի շրջանառութեան մէջ, ուստի վերոյիշեալ Դիմատետրի էջերուն կարեւորութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ տեղեկութիւնները ճշդուին: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ հիմնադրուած «Խօսքի եւ մամուլի ազատութեան քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման կեդրոն»-ի եւ www.azad-hye.net-ի միջոցով պիտի տարածուին սուրիահայերուն մասին տեղեկութիւններ: «Մեր նպատակն է ապահովել տեղեկատուութեան փոխանցման թափանցիկութիւն եւ ճշգրտութիւն, որպէսզի Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին տեղեկութիւն փոխանցուի ոչ միայն միջազգային աղբիւրներէ, այլ` Սուրիոյ մէջ ապրող հայերէ. այս ձեւով աւելի արժանահաւատ կ՛ըլլան լուրերը», ըսաւ ան:
Սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացած հանդիպման անդրադառնալով` ան նշեց, որ անիկա կը միտի տեղեկանալ նախարարութեան կատարած ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ` անլոյծ մնացած հարցերուն մասին: «Կ՛ուզենք տեսնել, որ անոնց մէջ որքանո՞վ ներգրաւուած են նաեւ Սուրիոյ մէջ ապրող հայերը: Եթէ հաւասարակշռութիւնը խախտած ըլլայ, պիտի փորձենք նաեւ ուշադրութիւնը այդ կողմ հրաւիրել` կարելի եղածին չափ օժանդակելու պատերազմական գօտիին մէջ գտնուող հայերուն»:
Ռոպերթ Սիւլահեան աւելցուց, որ ծայրայեղ արմատական խմբաւորումներ առեւանգած էին հայր եւ որդի Յովհաննէս եւ Մինաս Լեւոնեանները, որոնք կրնան սպաննուած ըլլալ փրկագին չվճարելու եւ ոչ թէ իսլամութիւնը ընդունիլ մերժելու պատճառով: Ան կարեւոր նկատեց սփիւռքի նախարարութեան հովանիին տակ սուրիահայերուն վերաբերող տեղեկութիւններու կեդրոն ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը` տեղեկութիւններու աղաւաղումներուն առաջքը առնելու համար:
Լաւագոյն Սնունդի Ցանկին Մէջ
Հայաստան 57-րդ Է
Հայաստան կը գրաւէ 57-րդ դիրքը` «Օքսֆամ»-ի կողմէ պատրաստուած աշխարհի ամէնէն սննդարար, առողջ եւ բազմազան սննդամթերքի վարկանշային ցանկին մէջ, ուր կան 125 երկիրներ:
Ըստ «Կուտ ինաֆ թու իթ. տը ֆուտ ինթեքս»-ին` Հայաստանի մէջ լաւագոյնը սնունդի քանակն է, ամէնէն վատը` անոր օգտակարութիւնը:
Այս ցուցակին մէջ Հայաստան շրջանցած է գրեթէ իր բոլոր դրացիները: Այսպէս, Թուրքիան 77-րդ դիրքի վրայ է, Իրանը` 8-րդ, իսկ Ազրպէյճանը` 91-րդ: Վրաստանին վերաբերող տուեալ չկայ, իսկ Ռուսիան` 44-րդ:
Վարկանիշի առաջատարներէն է Հոլանտան, որ Զուիցերիայէն եւ Ֆրանսայէն աւելի առջեւ անցած է: Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգները եւ Ճափոնը առաջին 20 երկիրներուն մէջ չեն:
Միացեալ Նահանգներու ցած վարկանիշը առնչուած է այն բանին, որ երկիրին մէջ շատ են ճարպակալութեամբ եւ շաքարախտով հիւանդները` հակառակ սննդամթերքի հասանելիութեան եւ բարձր որակին: Ճափոնի մէջ ալ սննդամթերքը սուղ է:
Հայագիտական Ուսումնասիրութեան Միջազգային
Ընկերակցութեան Գիտաժողով Հայաստանի Մէջ
Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութեան 13-րդ ընդհանուր գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Մատենադարանի` Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ, Երեւան, 9-11 հոկտեմբեր 2014-ին: Այս գիտաժողովը յատկապէս կարեւոր է այն առումով, որ անոր գոյութեան 33 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով ժողովը կը գումարուի Հայաստանի մէջ:
Գիտաժողովին ընթացքին կ՛ընդունուին հայագիտութեան որեւէ ոլորտին վերաբերող զեկուցումներ: Իւրաքանչիւր զեկուցման կը տրամադրուի 20 վայրկեան, որուն կը յաջորդէ 10 վայրկեան քննարկում: Մասնակիցներուն թիւին համաձայն, կը գումարուին թէ՛ լիագումար, թէ՛ զուգահեռ նիստեր:
Նշենք, որ գիտաժողովին մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար կարելի է այցելել Մատենադարանի կայքը (www.matenadaran.am) եւ մասնակցութեան համար արձանագրուիլ մինչեւ 1 ապրիլ 2014: Գիտաժողովին կրնան մասնակցիլ միայն ՀՈՒՄԸ-ի անդամները:
2013-ին Հայաստանի Մէջ 230 Հազար Ծառ Տնկուած Է
«Հայաստանի ծառերու ծրագիր» կազմակերպութիւնը աւարտելով ծառատունկի 9-րդ տարին յայտարարած է, թէ 2013-ին Հայաստանի մէջ աւելի քան 230 հազար ծառ տնկուած է` ընդհանուր թիւը հասցնելով 4 միլիոն 455 հազար 869-ի, իր գործունէութեան ժամանակաշրջանին` 1994-էն ի վեր: Վերոնշեալ ծրագրին Երեւանի տնօրէն Արեգ Մաղաքեան ըսած է, թէ իրենց կազմակերպութիւնը շատ հպարտ է այս արդիւնքէն` աւելցնելով, որ այսպիսով Հայաստանի մէջ մեծ թիւով «կանաչ» աշխատանք հայթայթուած է, որ ապագային պիտի ապահովէ հսկայական շահաբաժիններ:
Օգտուելով Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան 2012-ի դրամաշնորհէն` կազմակերպութիւնը Լոռիի շրջանին մէջ 20 հեկտար տարածութեամբ անտառային բացատին մէջ տնկած է բազմահազար սոճիի ծառեր` աւելցնելով արդէն գոյութիւն ունեցող կաղնիի, խնձորի եւ տանձի ծառերուն թիւը: Հիմնուած է նաեւ «Յիշատակի անտառ» մը` 2013-ին ինքնաշարժի արկածով մահացած Սօսէ Թովմասեան եւ Ալէն Եղիկեան ողբացեալ զոյգին անունով:
Հրատարակուած Է 1431 Շարժապատկերային
Փաստաթուղթ
Այս տարուան 1 յունուարի դրութեամբ Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ առկայ է 6667 արխիւային ֆոնտ` 4 միլիոն 120 հազար 837 արխիւային գործով, որոնց կարգին` 320 հազար 585 շարժապատկերային փաստաթուղթ: Յունուար 13-ին կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանին այս տուեալները ներկայացուցած է արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան: Ան յայտնած է, որ 2014-ին եւս պիտի շարունակուին փաստաթուղթերու հրատարակման աշխատանքները: Ելեկտրոնային շտեմարանի ստեղծման համար լոյս տեսած է մօտաւորապէս 120 հազար թերթ փաստաթուղթ, ինչպէս նաեւ 1431 պահպանման միաւոր արխիւային շարժապատկերային փաստաթուղթ:
«Արխիւային պահպանութեան ընդունուած է 18 հազար 831 գործավարական, 14 հազար 821` անձնակազմին վերաբերող, 1896 անձնական ծագում ունեցող գործ եւ 3179 շարժապատկերային փաստաթուղթեր: Պատասխանուած է քաղաքացիներէն ստացուած 28 հազար 620 ընկերային-իրաւական բնոյթի հարցումներու: 2013-ին արխիւը ունեցած է 571 ուսումնասիրող` նախորդ տարուան 524-ի փոխարէն: Կազմակերպուած է յատուկ նիւթերով 14 ցուցահանդէս ինչպէս արտերկրի մէջ, այնպէս ալ` հանրապետութեան մարզերուն: Լոյս տեսած են փաստաթուղթերու եւ նիւթերու 2 ժողովածոյ, մէկ հանրագիտարան եւ մէկ համացանկ, այդ թիւին մաս կը կազմէ` «Հայոց ցեղասպանութիւնը օսմանեան Թուրքիոյ մէջ. վերապրածներու վկայութիւններ» փաստաթուղթերու ժողովածուին անգլերէն հրատարակութիւնը», յայտնած է Վիրաբեան: Ըստ անոր, պիտի շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի պետական արխիւին ծրագրաւորուած օգնութեան ցուցաբերումը` պետական արխիւը նոր փաստաթուղթերով համալրելու ուղղութեամբ: Հայաստանի ազգային արխիւին աջակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած է արցախեան շարժման 25-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս:
Ա. Վիրաբեան անդրադարձած է նաեւ արխիւային գործին մէջ բարեփոխումներ կատարելու երեւոյթին, յատկապէս` արխիւային ծառայութիւններու ներդրման հայեցակարգի մշակման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն:
Կ՛ակնկալուի, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յառաջիկային որդեգրուի «Հայաստանի արխիւային գործի բարեփոխումներու իրականացման հայեցակարգը» եւ «Հայաստանի ազգային արխիւ» ՊՈԱԿ-ի նիւթական արհեստագիտական յագեցուածութեան արդիականացման 2014-2016 թուականներու ծրագիրը», որոնց մէջ լուրջ փոփոխութիւններ առաջարկուած են: Յատկապէս կը նախատեսուի արդիականացնել ենթակառուցուածքները, արխիւը վերազինել ժամանակակից արհեստագիտական սարքաւորումներով, այդ նպատակով տարբեր աղբիւրներէ 2014-2016 թուականներուն ներդնել մօտ 420 միլիոն դրամ, անցում կատարել արխիւէն օգտուողներուն առցանց տեղեկութիւններու մատուցման գործընթացին, կանոնակարգել ելեկտրոնային փաստաթուղթերու արխիւացումը, պահպանումը եւ օգտագործումը:
Քշիշթոֆ Փենտերեցքին Դարձաւ «Հայաստանի
Երաժիշտներու Միութեան» Պատուաւոր Անդամ
Քշիշթոֆ Փենտերեցքիին կեանքին եւ գործունէութեան մասին պատմող «Լաբիւրինթոսի արահետներով» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ եզրափակուեցաւ լեհ անուանի երգահան եւ գեղարուեստական ղեկավարին նուիրուած «Փենտերեցքի օրերը Հայաստանի մէջ» ձեռնարկներու շարքը: 2013-ին նկարահանուած, 87 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է «20-րդ դարու Պեթհովենի»` Քշիշթոֆ Փենտերեցքիի անցած ամբողջ ուղին:
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն առաջ Հայաստանի մշակութային միութիւններու շարք մը ներկայացուցիչներ իրենց նուէրները յանձնեցին անուանի մայէսթրոյին: «Հայաստանի երաժիշտներու միութեան» նախագահ Արամ Սաթեան Փենտերեցքիին շնորհեց միութեան պատուաւոր անդամի կոչումը:
Նկարիչներու միութեան ղեկավար Կարէն Աղամեան անոր նուիրեց իր ստեղծագործութիւններու ալպոմը, իսկ Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան լեհ երգահանին յանձնեց իրեն ձօնուած բանաստեղծութիւններու գիրքը, որ թարգմանուած է շարք մը լեզուներու:
«Հսկայական իրադարձութիւն է, որ ժամանակի մեծագոյն երաժիշտներէն մէկը կը գտնուի Հայաստանի մէջ: Կայացաւ մեծ փառատօն: Հիանալի է, որ կրցանք լսել անոր ամենատարբեր տեսակներու բազմերանգ ստեղծագործութիւնները: Անգնահատելի իրադարձութիւն էր: Փենտերեցքիի նման մեծութիւնը պէտք է ելոյթ ունենայ Ֆիլհարմոնիքի հետ, որովհետեւ մեր նուագախումբին մակարդակը բարձր է անոր պէս, եւ մենք տեսանք, որ նախօրէին Ֆիլհարմոնիքը իրեն արտակարգ դրսեւորեց», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբագար Էդուարդ Թոփչեանը:
«Փենտերեցքիի օրեր Հայաստանի մէջ» ձեռնարկներու շարքը պատմական եւ նշանակալից երեւոյթ էր: Հաշուի առնելով անոր հայկական արմատները եւ ծագումը` բոլորը կ՛երազէին զայն բերել Հայաստան եւ կապել հայրենիքին: Փառատօնի շրջանակներուն մէջ արդէն երրորդ անգամն է, որ կը յաջողինք զայն Հայաստան բերել: Ուրախութեամբ նշենք, որ ան իսկապէս կապուած է իր երկրին` Հայաստանին, եւ այդ մեծագոյն պատիւ է հայ ազգին համար», վկայած է «Երեւանեան հեռանկարներ» փառատօնի ղեկավար Ստեփան Ռոստոմեան:
Նշենք, որ «Փենտերեցքի օրերը Հայաստանի մէջ» ձեռնարկներու շարքը սկսած էր 13 յունուարին, Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ` Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի եւ թաւջութակահար Պարթոշ Քոզիաքի միացեալ ելոյթով: Յաջորդ օրը «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ ելոյթ ունեցան ջութակահարներ Անոյշ Նիկողոսեանը եւ Անի Կարապետեանը, ալթահար Եանա Դարեանը, թաւջութակահար Արամ Թալալեանը, քլարինեթահար Տարկօ Պրլեքը եւ դաշնակահարներ` Արթուր Աւանեսովը եւ Ճուլիեթա Վարդանեանը: Յունուար 15-ին Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբին եւ «Հովեր» սենեկային երգչախումբին կատարմամբ հնչեցին Փենտերեցքիի պարոքքօ ոճով երեք ստեղծագործութիւններ: Յունուար 16-ին ֆիլհարմոնիքը ղեկավարեց ինքը` Փենտերեցքին, նուագախումբին հետ կատարելով իր անզուգական գործերը, ինչպէս նաեւ ջութակի, ալթի եւ նուագախումբի համար գրուած նոր` «Concerto Doppio» ստեղծագործութիւնը:
«Հալէպի Արձանագրութիւնները»` Տեղեկութիւններ
2500 Հայկական Արձանագրութեանց Մասին
Լոյս տեսած է «Հալէպի արձանագրութիւնները» գիրքը, որ կը բովանդակէ տեղեկութիւններ` 2500 հայկական արձանագրութիւններու մասին: Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնարկին գիտաշխատող, գիրքի հեղինակ Րաֆֆի Քորթոշեանը 17 յունուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ գաղափարը ծնած է Հալէպի մէջ, 2004-ին:
«Երբ գերեզմանատուն կ՛այցելէի, զիս մեծապէս կը հետաքրքրէին շիրմաքարերուն վրայ գրուած անունները, մականունները, ծննդեան վայրերը, որոնք հիմնականին մէջ կը ներկայացնէին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ շրջանները` Խարբերդ, Այնթապ եւ այլն: Մտածեցի հաւաքել այդ արձանագրութիւնները», յայտնած է սուրիահայ գիտաշխատողը:
2006-ին գիրքին հեղինակը վերջնական կերպով հաստատուած է Հայաստան եւ անդամագրուած` Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնարկին եւ առաջարկած է գիրք հրատարակել:
«2007-էն ամէն տարի մէկ ամիսով մեկնեցայ Հալէպ, երեք տարի ետք աւարտեցի ո՛չ միայն արձանագրութիւնները լուսանկարելը, այլեւ` հայկական եկեղեցիներու, հայկական եկեղեցական իրերու արձանագրութիւնները, որոնց մեծ մասը հայերը իրենց հետ բերած էին Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերէն, գաւառներէն», պատմած է Րաֆֆի Քորթոշեան: Ան դիտել տուած է, որ գերեզմանատան գրութիւնները կը պատկանին տարբեր համայնքներու զաւակներուն: «Մեծ էր նաեւ ներդրումը եւ աջակցութիւնը Բերիոյ թեմի հայոց առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանին, որ, հակառակ դժուարութիւններուն` այնպէս ըրաւ, որ ոչ մէկ արձանագրութեան առնչուած ուսումնասիրութիւն թերի մնայ», հաստատած է ան:
Սուրիոյ մէջ պատերազմի բռնկումէն ամիս մը առաջ գիրքին հեղինակը մեկնած է Հալէպ` այնտեղի եկեղեցիները եւ տապանաքարերու արձանագրութիւններու պատմութիւնը ուսումնասիրելու. «Կրցայ գործը իր աւարտին հասցնել պատերազմէն ընդամէնը մէկ ամիս առաջ: Կարելի է ըսել, թէ Մեծ Հայքի քարտէսի վրայի բոլոր գիւղերը կան Հալէպի գերեզմանատան տապանաքարերու արձանագրութիւններուն վրայ»: Ան պատմած է, որ շատ յուզիչ էր, երբ իր ուսումնասիրութեան ընթացքին գտած է Արեւմտեան Հայաստանի Արագ գիւղի եկեղեցիէն նմուշ մը:
Հաղորդենք, որ գիրքի հրատարակութեան աջակցած են մշակոյթի նախարարութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը:
Րաֆֆի Քորթոշեան աւելցուցած է, որ այսօր Հալէպի մէջ կան եկեղեցիներ, որոնք հրկիզուած են, այրած, քանդուած, բազմաթիւ արձանագրութիւններ ոչնչացած են: «Հիմա ոչ ոք կրնայ երթալ Հալէպի գերեզմանոց, չենք գիտեր` անվնաս մնացա՞ծ են շիրմաքարերը, թէ՞ ոչ: Կորուստ ունինք, բայց կրնանք միայն որոշ չափով գիտնալ անոր տարողութիւնը»:
Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնարկին ղեկավար Սամուէլ Կարապետեանի բնորոշումով, գիրքը մեծ նպաստ պիտի բերէ հայագիտութեան եւ պատմագիտութեան եւ վաւերագրական չափազանց հարուստ նիւթ կը պարունակէ:
«Հալէպի այդ գերեզմանոցը Արեւմտեան Հայաստանի տեղանուններու բառարան կարծես ըլլայ: Փաստօրէն բաւական է գերեզմանոցի տապանաքարերու այդ գիւղերը մէկ ցուցակի վրայ բերել եւ հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ այդ հայերը բոլորը միասին 1915-ին յայտնուեցան Հալէպի մէջ: Այդ Ցեղասպանութեան լաւագոյն վկայութիւններէն մէկն է», դիտել տուած է Սամուէլ Կարապետեան:
Ան նշած է, որ գիրքը իր նպատակին կը ծառայէ, բայց միեւնոյն ատեն ուղղակիօրէն կը փաստէ Ցեղասպանութիւնը:
Գիրքին մէջ կան նաեւ Հալէպի հայերուն վերաբերող տեղեկութիւններ, անոնց կեանքին, աշխատանքներուն, արհեստներուն մասին ծանօթութիւններ, ինչպէս նաեւ շինութիւններու եւ կոթողներու պատմութիւնները ներկայացուած են: Հաւաքածոն կ՛ամփոփէ 2500 արձանագրութիւն, որոնցմէ 2000-ը առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարակուի:
Գիրքը նուիրուած է այն հալէպահայերուն, որոնք այսօր ալ կ՛ապրին այդ պայմաններուն մէջ, կը պայքարին եւ կը փորձեն գոյատեւել պատերազմին ընթացքին:
Գիրքը լոյս տեսած է 700 օրինակով, չէ բացառուած, որ անիկա տարբեր լեզուներու թարգմանուի:


