Գէորգ Չաւուշի Այրիին Մէկ Լուսանկարը

HeghineՎահէ Հապեշեան «Արմինիըն Ուիքլի»-ի մէջ կը գրէ, որ 2005-ին Այնթապի մէջ Մուրաթ անունով գործաւոր մը հին տան մը փայտէ մէկ բաժինէն հին բացիկ մը գտած է:

Բացիկին առջեւի կողմը սեւ, երկար հագուստ հագած, աջ ձեռքին ատրճանակ մը (տասնոց Մաուզեր) եւ ձախ ձեռքին հրացան մը կրող կնոջ մը լուսանկարն է: Անոր կուրծքին խաչկապ կապուած, ինչպէս նաեւ մէջքին կապուած փամփշտակալներ կան: Փամփուշտներուն եւ կաշիներու մէջ հազիւ նշմարելի է անոր ձախ կուրծքին վրան գտնուող լանջասեղ մը կամ մետալ մը:

Բացիկին վարի ձախ կողմը անգլերէնով «Մ. Հ. Հալլաճեան» ստորագրութիւնը տպուած է, իսկ աջ կողմը տեղանուն մը` «Այնթապ Փոքր Ասիա»: Բացիկին ետեւը Մուրաթին անծանօթ եղող լեզուով ձեռագիր գրութիւն մը կայ, միայն թուականի մը` 1910 մէկ մասը անոր հասկնալի է:

Մուրաթ հին տուներու վերանորոգմամբ զբաղած իր շրջանին Այնթապի Քայաճիք շրջանին մէջ գտնուող հին տան մը փայտէ բաժինները նորոգած ատեն գտած է բացիկը: Հետագային Այնթապ այցելող հայեր թարգմանած են բացիկին վրայ գրուած գրութիւնը. «Հանգուցեալ հերոս Գէորգ Չաւուշի տիկին այրի Հեղինէ: Մեր յիշատակի նուէրը աստ(՞), տիար Յովհաննէս եւ տիկին Փիրանեան, 21 յուլիս 1910 ՀՅԴ, Այնթապ»:

Լուսանկարը գրգռած է Մուրաթի հետաքրքրութիւնը եւ ան որոշած է Այնթապի պատմութիւնը հետազօտել: Ան սորված է հայերէն եւ ներկայիս կ՛աշխատի Ա. Կեսարի, 1945-ին Պոսթընի «Հայրենիք»-ի տպարանէն լոյս տեսած «Այնթապի գոյամարտը» գիրքին թրքերէն թարգմանութեան վրայ: Հապեշեան կը նշէ, որ Մուրաթ այժմ իր անունը Մուրատ կը գրէ:

 

Share this Article
CATEGORIES