ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԸՔՈՒԱՏԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ճարտարարուեստի բարգաւաճման գրասենեակի ներկայացուցիչ Խալետ Մըքուատը` ներկայութեամբ ճարտարարուեստի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Տանի Ժըտաունի:
Հանդիպումին ընթացքին Մըքուատ շնորհաւորեց նախարար Սապունճեանը` անոր նշանակման առիթով:
Քննարկուեցան ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


