ՊԸՐՐԻ ԸՆԴԳԾԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԱՐԱԳՕՐԷՆ ՄՇԱԿԵԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է արագօրէն մշակել կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին հարցերը դիմակայել, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն տնտեսական եւ ընկերային խնդիրները լուծել:
Պըրրի խստիւ քննադատեց ամերիկեան վարչակազմին կողմէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան նկատմամբ ցուցաբերուած մօտեցումը` շեշտելով, որ ամերիկեան կեցուածքներուն մէջ երկուութիւն կայ, որովհետեւ այն, ինչ որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան համար արտօնուած էր, ներկայիս մերժուած է Միքաթիի կառավարութեան պարագային:
Հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի հանքերը օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի համար այդ հանքերուն ներկայացուցած կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ Պըրրի երէկ երեկոյեան ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլը եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական խորհրդական հաժ Հիւսէյն Խալիլը, որոնց հետ քննարկեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ ինք անհամբեր կը սպասէ, որ կառավարութիւնը աւարտէ իր աշխատանքային ծրագիրին մշակումը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել շարք մը անհրաժեշտ հարցեր, ինչպէս` քարիւղի եւ ջուրի հարցերը, պետական պաշտօնեաներու նշանակումները, ինչպէս նաեւ դիւանագէտներու նշանակումները:
«Բոլորը պէտք է քաջ գիտնան, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը վրիժառութեան հոգեբանութեամբ եւ քաղաքականութեամբ պիտի չառաջնորդուի, սակայն այս կեցուածքը չի նշանակեր, որ տարբեր նախարարութիւններու եւ պետական այլ հաստատութիւններու մէջ արձանագրուած աւազակութիւններուն եւ օրինազանութիւններուն նկատմամբ կառավարութիւնը լուռ պիտի մնայ: Բոլորը օրէնքին պէտք է ենթարկուին եւ «անցուկը մոռցուկ է»ի քաղաքականութիւն պիտի չգործադրուի», ընդգծեց ան:
Պըրրի յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը հսկայ պատասխանատուութիւններ ունի ստանձնելիք` շեշտելով, որ ան լուրջ քննութիւններէ պիտի անցնի. «Քննութիւններ, որոնց արդիւնքէն կախեալ պիտի ըլլայ խորհրդարանական ներկայ մեծամասնութեան ապագան: Եթէ կառավարութիւնը ձախողի այդ քննութիւններուն մէջ, ատիկա կը նշանակէ, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ան պիտի պարտուի», շեշտեց Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահին մօտիկ աղբիւրներ նկատել տուին, որ հիւսիսային Լիբանանը հարուածող ապահովական ցնցումները զուգադիպութիւն չեն` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահը զօրակցեցաւ լիբանանեան բանակին կողմէ որդեգրուած հզօր քայլերուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել: