ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՆԵԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԹԱՓ ՏԱԼՈՒ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց կենսոլորտի մարզին մէջ ծրագիրներու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն գործակցելու Լիբանանի հետ եւ կենսոլորտային բնոյթի ծրագիրներ յաջողցնելու համար ներդրումներուն թափ տալու:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Երիտասարդութեան եւ կենսոլորտի արաբական համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Մաժտի Ալլամի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին` զիրենք ընդունելուն համար: Ան յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը իր Ժ. խորհրդաժողովը պիտի գումարէ Պէյրութի մէջ:
Ալլամ շեշտեց նաեւ, որ կայուն Լիբանանը ամբողջ արաբական աշխարհին կայունութեան երաշխիքը կը նկատուի:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը, որ նախագահին հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ իր կարգին ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային նորագոյն զարգացումները: