Լոյս Տեսած Է Նարինէ Մարգարեանի «Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքով Սուրիոյ Մէջ Հաստատուած Հայ Տարագիրներու Կարգավիճակը Եւ Հայ-Արաբական Փոխյարաբերութիւնները (1915-1925 Թթ.)» Աշխատութիւնը

NarineԳիրքին հեղինակը` Նարինէ Մարգարեան կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ մէջ հանգրուանած հայ տարագիրներուն առնչուող խնդիրներուն` քննութեան նիւթ դարձնելով վերջիններուս նկատմամբ Սուրիոյ արաբ բնակչութեան ունեցած դիրքորոշումն ու կեցուածքը: Ներկայացուած է սկզբնական շրջանին հայ տարագիրներու նկատմամբ տեղւոյն արաբ կառավարիչներու, ցեղապետներու դիրքորոշումը, որմէ ետք` Սուրիոյ մէջ Ֆէյսալ իշխանի իշխանութեան (1918-1920թթ.), ապա ֆրանսական գաղութատիրութեան հաստատման առաջին տարիներուն (1920-1924թթ.) իրականացուած քաղաքականութիւնը. քննուած է նշեալ ժամանակահատուածին ընթացքին Սուրիոյ մէջ հայ-արաբական յարաբերութիւններու զարգացումները, վերլուծուած է հայ-արաբական յարաբերութիւններու ընթացքը պայմանաւորող հիմնական գործօնները:

Աշխատութեան մէջ ուսումնասիրուած է հայ տարագիրներու` Սուրիոյ ընկերային ու քաղաքական կեանքի մէջ ներգրաւուելու հիմնական միտումները եւ ներկայացուած է սուրիահայ համայնքի աստիճանական վերաձեւաւորման եւ կազմաւորման գործընթացը:

Share this Article
CATEGORIES