Հրատարակուած Է «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Որոշումներու Որդեգրման Եւ Իրականացման Մեքանիզմները» Գիրքը
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրատարակած է պատմական գիտութիւններու տոքթոր Արսէն Աւագեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն. որոշումներու որդեգրման եւ իրականացման մեքանիզմները» գիրքը: Արխիւային նիւթերու եւ սկզբնաղբիւրներու վրայ հիմնուած այս հետազօտութիւնը կը բացայայտէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպման գործին մէջ որոշումներու որդեգրման մեքանիզմներն ու անոնց իրագործումը:
Գիրքին մէջ խոր եւ բազմակողմանի վերլուծութեան կ՛ենթարկուի Երիտասարդ թուրքերու` հայերու ոչնչացման մասին որոշումներու որդեգրման գործին պատասխանատու` Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութեան ներքին կառուցուածքը, իթթիհատի Կեդրոնական մարմինին մէջ ուժերու տեղաբաշխումը, Յատուկ կազմակերպութեան ստեղծման գործընթացն ու կառուցուածքը, ինչպէս նաեւ կը լուսաբանուի երիտթրքական կառավարութեան եւ խորհրդարանի պատասխանատուութիւնը Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեայ բնակչութեան բնաջնջման գործին մէջ:
Գիրքին մէջ քննուած է նաեւ բանակի մասնակցութեան հարցը` հայ ազգաբնակչութեան դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան մէջ: Առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ դրուած են թրքական արխիւային փաստաթուղթեր, որոնց շարքին նաեւ` հայերու տեղահանութեան վերաբերեալ օսմանեան խորհրդարանի որոշումներն ու օրէնքը, ներքին գործոց նախարար Թալէաթի եւ այլ նախարարներու ստորագրութեամբ երիտթրքական կառավարութեան հրահանգները, ինչպէս նաեւ մէջբերումներ` հայերու տեղահանութեան ընթացքին իրագործուած զանգուածային կոտորածներու վերաբերեալ դատական լսումներու սղագրութիւններէն:

