ՀՅ Դաշնակցութեան Պատմութիւն. Ա. Եւ Բ. Հատորներու Միացեալ Հրատարակութիւն (Անձնանուններու Եւ Տեղանուններու Ցանկերով Հարստացած) Բ. Հրատարակութիւն
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2013-ին, Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս տեսած է ՀՅ Դաշնակցութեան մեծանուն դէմքերէն Միքայէլ Վարանդեանի վերոյիշեալ երկերը` մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեաններուն` ի յիշատակ հաւատաւոր դաշնակցական Մատթէոս Պէրպէրեանի:
Մատթէոս Պէրպէրեան ծնած է Տէրիք, Սուրիա, 1956 թուականին: Հայրը` Ներսէս, բնիկ սասունցի է, մայրը Մարիամ` արաբունարցի: Մատթէոս փոքր տարիքին հաստատուած է Պէյրութ, ուր յաճախած է Նշան Փալանճեան ճեմարան եւ, ապա անցած եւ յաջողութեամբ վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն` գիտական պսակաւորի աստիճանով:
Ստանձնած է ուսուցչական պաշտօն Ճեմարանի մէջ եւ յարատեւ գործունէութեամբ` մաս կազմած «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ թղթակից եւ խմբագիր: Օժանդակած է Հրաչ Տասնապետեանի պատրաստած «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» հատորներուն: 1985-ին մեկնած է Փարիզ, ուր ստանձնած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Կամք»-ի խմբագրութիւնը եւ «Ռատիօ ԱՅԲ»-ի պատասխանատուութիւնը: Մահացած է 2012-ին:
Մատղաշ տարիքէն Մատթէոս Պէրպէրեան մաս կազմած է ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին` իր յօժարակամ ծառայութիւնը ընծայելով ՀՅԴ Պատանեկան միութեան, Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան: Զինք մօտէն ճանչցող իր գաղափարապաշտ ընկերներուն համաձայն, Մատթէոսը ունէր ըմբոստ խառնուածք: Ան չէր սիրեր հպատակիլ կեանքի քաղքենի պայմաններուն: Այսուհանդերձ, հոգեկան այս ալեկոծ վիճակը երկար չէր տեւեր, որովհետեւ, «Մատթէոսը կը վերածուէր խոհուն եւ իր ծանրակշիռ խօսքը արտասանած դաշնակցականի», կը վկայէ Ազգային երեսփոխան, մտաւորական եւ կրթական մշակ Յակոբ Բագրատունի:
Խմբագիր Վ. Աւագեան հատորին Բ. հրատարակութեան առիթով կ՛ըսէ, թէ հայ ժողովուրդի հերոսական պատմութիւնը ունեցաւ իր զէնքի եւ գրչի մարտիկները, որոնց գովքը հիւսուեցաւ դիւցազնաշունչ երգերով: Վ. Աւագեան կ՛ըսէ, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան տեսաբան-գաղափարախօս Միքայէլ Վարանդեանը կը հանդիսանայ առաջին պատմիչը Ազատամարտի հերոսութիւններուն, որոնց ռազմադաշտ կը ծառայեն Սասունն ու Զէյթունը, Ղարաբաղն ու Երեւանը, Պոլիսն ու Վանը, Կարսն ու Կարինը: Հատորին խմբագիրը կ՛ըսէ նաեւ, թէ Ազատամարտի նորահաս սերունդները որպէսզի յառաջդիմեն եւ ըմբռնեն ապագան, պէտք է քաղեն զոհողութեան դասեր` կարդալով անցեալի պատմութեան էջերը: Թէ` այս ըմբռնումով Վարանդեան կը հաւատայ, թէ` «անցեալի պաշտամունքը ամէնէն հզօր խթաններէն է ազգերու յառաջդիմութեան»:
Միքայէլ Վարանդեան կը գրաւէ իւրայատուկ տեղ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն մէջ:
Փոքր տարիքէն եղած է հաւատաւոր եւ գաղափարապաշտ դաշնակցական: Այն տիպար մտաւորականն է ան, որ ձեռնհասօրէն մշակած եւ ժողովրդականացուցած է ՀՅ Դաշնակցութեան տեսական հարցերը: Այս ըմբռնումով, ձգած է իր ետին մտաւորական անկորնչելի ժառանգութիւն:
Միքայէլ Վարանդեան, աւազանի անունով` Միքայէլ Յովհաննիսեան, ծնած է Ղարաբաղի Վարանդա գաւառին մէջ, որ հետագային դարձած է իր մականունը:
Ծնած է 1872-ին: Նախնական ուսումը ստացած է Շուշիի թեմական դպրոցը: Ապա հետեւած է Ժընեւի համալսարանի եւ գերմանական համալսարաններու ընկերային-քաղաքական գիտութիւններու դասընթացքներուն:
1892-ին, երբ Ռոստոմ Ժընեւ փոխադրուելով` կը հիմնէ ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը, Վարանդեան կը դառնայ անոր սերտ գործակիցը: Նոյն շրջանին ան կ՛աշխատակցի նաեւ «Մուրճ»-ին եւ «Մշակ»-ին` Էկօ ծածկանունով:
ՀՅ Դաշնակցութեան կարկառուն գաղափարախօսներէն` Միքայէլ Վարանդեան երկար տարիներ եղած է ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ եւ Բ. Միջազգայնականի մօտ ներկայացուցիչ: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին եղած է Հռոմի դեսպան:
Բացի «Դրօշակ»-ի մէջ իր ունեցած անհամար յօդուածներէն, ունի գիրքով լոյս տեսած գործեր, «Գիտական սոցիալիզմ», «Համաժողովրդական բանակ», «Եւրոպացիների կարծիքը Հայկական հարցի մասին», «Հայկական շարժման նախապատմութիւնը» (երկու հատորով), «Վերածնուող հայրենիքը եւ մեր դերը», «Հոսանքներ», «Սիմոն Զաւարեան», «Դաշնակցութիւնը եւ նրա հակառակորդները», «Հայրենիքի գաղափարը», «Բողոքը նորագոյն պատմութեան մէջ», «Մուրատ», «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն» (Ա. հատոր) եւ այլն:
Յետմահու, 1950-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, լոյս կը տեսնէ իր «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն» գործին Բ. հատորը:
Միքայէլ Վարանդեան կը մահանայ 1934-ին` սերունդներուն կտակելով յեղափոխական եւ գաղափարական անկորնչելի գրականութիւն մը:
«Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութիւն» խորագրեալ Ա. եւ Բ. հատորներու Բ. հրատարակութիւնը կը բաղկանայ 654 մեծադիր եւ ստուար էջերէ եւ անոր բովանդակութեան մաս կը կազմեն անձնանուններու եւ տեղանուններու կողքին երեսուն գլուխներ, ուր հանգամանօրէն կը ներկայացուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութիւնը իր հիմնադրութեան թուականէն` 1890-էն մինչեւ ներկայ ժամանակակից շրջանը:
Իր «Յառաջաբան»-ին մէջ Միքայէլ Վարանդեան կ՛ըսէ, թէ հայոց պատմութեան հերոսական դէպքերը պէտք է որ գրուին: Պէտք է գրուին` առանց լացի եւ անէծքի, առանց անմիտ ծաղրանքներու եւ յապաղած մարգարէութիւններու:
Արդարեւ, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն» խորագրեալ ծաւալուն հատորը կ՛ընթանայ հետեւեալ բաժիններով:
Այսպէս, հեղինակը կը նկարագրէ թիֆլիսեան քաղաքական այն պայմանները, երբ եռուն մթնոլորտի մէջ ծնունդ կ՛առնէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը:
Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ հարկ չկայ քարոզչութեան, որովհետեւ, ժողովուրդը արթնցեր է եւ զէնք կ՛ուզէ միայն: Թէ` ժողովուրդը այնքան արթնամիտ է, որ պիտի յաղթէ թնդանօթներուն եւ մինչեւ իսկ` կանոնաւոր բանակներուն:
Կ՛ըսէ, թէ կարճ ժամանակի ընթացքին ստեղծուեցաւ կարգապահ եւ կուռ յեղափոխական կազմակերպութիւն` իր այլազան խմբաւորումներով: Թէ` Դաշնակցութիւնը ունեցաւ իր ղեկավարները հետեւեալ շարքով` Քրիստափոր Միքայէլեան, Սիմոն Զաւարեան եւ Ռոստոմ, որոնք հանդիսացան ՀՅ Դաշնակցութեան անբաժան երրորդութիւնը:
1892-ին, աշնան, տեղի ունեցաւ Ընդհանուր ժողովը, որ առաջին համագումարն էր կուսակցութեան, ծնունդէն ի վեր: Սոյն ժողովին օրակարգի մաս կազմեցին անհատական տերորը, զէնքի փոխադրութիւնը եւ ժողովուրդի մարզումը:
Հայ յեղափոխականները ունեցան Պարսկաստանը` իբրեւ դուռ Վասպուրականի եւ յեղափոխական գործունէութեան: Այս շրջանին կուսակցութիւնը ունեցաւ իր վարպետ կուսակցական գործիչները, ինչպէս` Սամսոն Թադէոսեան, Սեւքարեցի Սաքօ, Պետօ, Նիկոլ Դուման եւ Վարդան:
Տարօնի մէջ տեղի ունեցան ինքնապաշտպանութեան կռիւներ` հայ զինուած խումբերու եւ թուրքերու միջեւ: Սոյն կռիւներու արձագանգները հասան Եւրոպա:
1896 թուի օգոստոսի 14-ին տեղի կ՛ունենայ Օսմանեան Պանքայի գրաւումը եւ Պոլսոյ մէջ կը մղուին ռմբային կռիւները:
Իսկ Խանասորի արշաւանքը տեղի կ՛ունենայ 1897 թուի օգոստոսի սկիզբները: Կռիւը կը տեւէ լեռնային շրջաններու մէջ մինչեւ ուշ գիշեր: 19 քաջեր կ՛իյնան հայրենի հողին վրայ այդ բուռն կռիւներու ընթացքին:
Հայդուկային եւ տերորական գործողութիւններ ծագում կ՛առնեն ֆետայիներու կողմէ Տարօնի մէջ:
Այս շրջանին ի զուր կը կատարուին հայ-քրտական համերաշխութեան փորձեր:
Մակեդոնացիք իրենց հերթին կը թափեն մեծ ճիգեր` հայ-մակեդոնական համերաշխութիւն գոյացնելու համար:
Սասնոյ ահեղ պատերազմի ընթացքին կը նահատակուին Վահան Մանուէլեանը եւ Հրայր Դժոխքը:
Պէտք է ըսել, որ Միքայէլ Վարանդեան եղաւ իր ժամանակի բացառիկ այն պատմաբանը, որ պատմագրական հմտութեամբ շնորհեց յարատեւ կամք եւ աննկուն ոգեւորութիւն` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարական ըմբռնումներուն: Այս իւրայատկութեամբ, Վարանդեան կը մնայ հայոց պատմութեան վերջին հարիւրամեակի դիւցազնաշունչ սխրանքներու հարազատ պատմիչը:
Դեկտեմբեր 2013
Պէյրութ

