Երաժշտախառն Կատակերգութիւն. Մարդկային Տկարութիւններու Բացայայտում` Ծաղր Ու Ծիծաղով
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Երգիծաբան, կատակերգակ, մենաթատրոնի վարպետ Նարեկ Տուրեան Լիբանան եկաւ ոչ թէ առանձին, այլ` իր թատերախումբով: Մօտիկ անցեալին ան մեզի ներկայացուցած էր մենախօսական թատերական պատկերներ` միշտ զուարճալի եւ ինքնաքննարկման թեմաներով: Այս այցելութեան ան բերաւ նորութիւն մը` յայտնաբերելով երիտասարդներու շնորհալի խումբ մը եւ թատերական նոր ոճով ու երգիծական նրբութիւններով շաղուած ներկայացում:
Նարեկ Տուրեանի այս այցը Լիբանանի հայութեան շնորհեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, 11 եւ 12 յունուար 2014-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջ` երաժշտախառն կատակերգութիւնը ներկայացուեցաւ 17 յունուար 2014-ին, երկու անգամ եւս, ցերեկային` աշակերտութեան համար եւ երեկոյեան, նոյն սրահին մէջ, ներկայութեամբ հոծ հանդիսատեսներու:
«Մօրաքոյրը Փարիզէն» երգիծանքը վերջին տարիներուն անուանի դերասանը եւ կատակերգակը ներկայացուցած է 100 անգամ` շրջելով մեր գաղութները, ովկիանոսներէն անդին: Հայաստանի մէջ ծափահարուած է այս թատերախաղը, նոյնպէս` Ֆրանսայի մէջ, հանդիսատեսներուն պարգեւելով լիաթոք խնդալու, ծիծաղելու եւ խոկալու պահեր:
Ի՞նչ է նպատակը «Մօրաքոյրը Փարիզէն» կատակերգութեան, որ խորքին մէջ կարելի է նկատել ողբերգութիւն մը, որովհետեւ հոն արծարծուած հարցերը կը բացայայտեն մեր թերութիւնները` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ ապրողներուս:
Նարեկ Տուրեան սքանչելի խորացումով սերտած-ուսումնասիրած է հայաստանցիին եւ սփիւռքահայուն հոգեբանութիւնը, հայրենասիրական ջերմութիւնը կամ հակառակը, խորհրդային երկարատեւ ժամանակաշրջանին ներգաղթ, արտագաղթ եւ Սիպերիա ապրած հայուն կեանքը, որ իրաւամբ եղաւ ոդիսական մը: Տեղաշարժերով լեցուն հայ կեանքը ունեցաւ իր սխալները, կամայ-ակամայ թերութիւնները, մարդկային տկարութիւնները, որոնք աղարտեցին հայուն հայեցի նկարագիրը: Չքաւորութիւնը, արգելափակումները, աքսորը, կարօտը ստեղծեցի այնպիսի ներաշխարհ մը իւրաքանչիւր հայուն հոգիին ու սրտին մէջ, որոնց կ՛անդրադառնանք Նարեկ Տուրեաններու նշումներով, թատերախաղի վերածուած երգիծանքով: Լա՞լ, թէ՞ խնդալ նման վիճակներու դիմաց: Մարդ կը խաբեն դրամի տիրանալու համար, այրը կը վերածուի էգ արարածի, առկայ է սէրը, բայց ՍԷՐՆ իսկ շուարումի մատնուած է, թէ ո՞վ պէտք է ըլլայ իր տէրը կամ ո՞վ պէտք է ըլլայ զինք հարազատօրէն ապրողը:
Խաբեբայութիւն, դրամի պահանջ, հայրենասիրութիւն, կեղծիք, զրպարտութիւն, հայաստանցին չի հաւնիր սփիւռքահայը եւ` փոխադարձաբար: ՍՈՎԵՏի օրերուն սուտ ու կեղծ կեանք ապրած մեր հայրենակիցները ըսելիքներ, դժգոհութիւններ եւ ծաղր ունին արտասահմանէն Հայաստան եկած հայուն: Հոս կը բացայայտուի ԹՈՒՐԻՍԹ սփիւռքահայուն հոգեբանութիւնը: Վերջին տասնամեակներուն հաստատուած իրողութիւնն այն է (որ չէ փախած Նարեկ Տուրեանի աչքերէն) Հայաստանի մէջ, Երեւանի մէջ անշուշտ տուն ունենալ եւ դուռ ու պատուհան փակել, ապրիլ սփիւռքի մէջ: Թերեւս` մէկ ամիսով զբօսաշրջիկի ժամանակաշրջանին:
Դժբախտութիւն է այս իրականութիւնը:
Ֆրանսայէն ներգաղթ կը կատարուի 1947-ին, ֆրանսահայը չի կրնար ապրիլ խորհրդային դժնդակ պայմաններու մէջ, ձեւը կը գտնէ վերադառնալու Ֆրանսա:
Ն. Տուրեան մատը դրած է արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի լեզուաճիւղերու բախումին վրայ: Դերասաններէն պարոն Ժաքը ներգաղթած մը ըլլալով` կը խօսի արեւմտահայերէն: Ն. Տուրեան բեմադրիչ դերասանին սիրած մէկ բառը եղած է ՔԱՆԶԻ-ն, գրաբար որովհետեւը, զոր կ՛օգտագործէ յաճախ խնդուք ստեղծելով:
Ն. Տուրեան, պարոն Գեղամի դերով, կը փոխակերպուի փարիզցի մօրաքոյրի` իր գլխարկով, օղերով ու կնոջական յարդարանքներով: Դրամին խայծը կը խլրտի հայաստանցի երկու սիրուն աղջիկներու (Նաթաշա եւ Քաթեուշա) եւ երկու ջահել երիտասարդներու (Մանուէլ, Սամուէլ) սիրտերուն մէջ: Եթէ անոնք կարենան ամուսնանալ իրենց սիրածին հետ, կամ տեսնել Փարիզը, Շան զ՛Էլիզէն, Էյֆելը, որոնց մասին լորձնաշուրթն կը գովերգէ Փարիզէն եկած մօրաքոյրը…
Երգիծագիր է Նարեկ Տուրեան: Ինքն է հեղինակը «Մօրաքոյրը Փարիզէն» կատակերգութեան: Ան ոչ մէկ թերութիւն բաց թողած է մատնանշելու համար: Հայաստանցիին նուէր տալու եղանակը, որ ԱՅԲՈՒԲԵՆՆ է: Սփիւռքահայուն հայրենիքի մէջ կատարած ներդրումները («Դուք ի՞նչ գիտէիք, մենք սորվեցուցինք»-ի իմաստով): Այս բոլորը կը յանգին մէկ յայտարարի. իրարու հանդէպ` յայտնի կամ անյայտ դժգոհութիւն մը, որուն ակնարկած է Տուրեան զօրաւոր շեշտադրումով:
Ներկաները կը ծիծաղին Ն. Տուրեանի խաղարկութեան, ոճ մը` այնքան ճկուն, սնդիկի նմանող ճապուկ շարժուձեւ, ձեռքի ու մատներու հաճելի հպումներ, անդադրում երթեւեկ բեմին վրայ, մասնաւորաբար երբ վերածուեցաւ կին կերպարի: Մէկ խօսքով` բացառիկ ներկայութիւն մը` Ն. Տուրեանի ընդհանուր մշակութային զարգացման առատ տուեալներով, տաղանդաւոր հոգեվերլուծող մը, շնորհք մը, որ մղած է, անհանգստացուցած է զինք արտայայտելու արուեստագէտի իր ողջ գիտութիւնը, զգացական եւ իմաստասիրական մօտեցումներով զեղուն:
Պէտք չէ մոռնալ երգերուն, խմբերգներուն բերած ոգեւորութիւնը` խաղարկութեան առընթեր: Հաճելի, պարզ ու իրապաշտ բացատրողականներ եղան, հրճուանքը համեմող:
Կարելի է ըսել, որ այս թատերախաղը չտեսնողները զրկուեցան արուեստի եւ երգիծական ներկայացման մը վայելքէն: Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կը պարտինք այս հաճելի եւ օգտակար պահերը զգալու: Այս օրերուն, երբ իւրաքանչիւր լիբանանցի կամ սուրիացի հայ կ՛ապրի տագնապալի պահեր` ծանօթ պատճառներով, քիչ մը ծիծաղ, քիչ մը ժպիտ եւ բարձրաձայն խնդուք ու քրքիջ մոռցնել տուին մեր սիրտերը պատած տրտմութիւնը:
Շնորհակալութիւն ամէնուն: Հազա՛ր ապրիք Նարեկ Տուրեան եւ նորակազմ թատերախումբ` Տուրեան Նարեկի թատերական դպրոցի տղաք ու աղջիկներ:

