Մկոյեան Միացաւ Շիրակի

Երէկ, ֆութպոլի ակադեմիային մէջ ուսումնամարզական հաւաք կատարող Շիրակի միացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կեդրոնի յետսապահ Հրայր Մկոյեան:

Այս լուրը հրապարակեց ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` օգտագործելով Շիրակի մամլոյ քարտուղարութեան կատարած յայտարարութիւնը:

Շիրակի կողմէ յայտարարուեցաւ, որ երկկողմանի համաձայնութեամբ խզուած է կապը Գանձասար Կապանի հետ, եւ Մկոյեան մինչեւ այս ամսուան վերջը պաշտօնապէս պայմանագրութիւն մը ստորագրած կ՛ըլլայ Շիրակի հետ:

Նշենք, որ 2 փետրուարին Շիրակ պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր 8 փետրուարին ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ «Մէյճըր Լիկ»-ի կազմերէն Լոս Անճելըս Կալաքսիի դէմ:

Share this Article
CATEGORIES