Տեսակէտ. Թուրք Գորշ Գայլը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

«Թուրքին խօսքին բնաւ չհաւատա՛ք», ըսած է զօրավար Անդրանիկ: Ան լաւ գիտէր, որ թուրքը հազար ու մէկ խաղ ունի եւ նապաստակը կը բռնէ առանց վազելու:

Քանի մը օր առաջ Պոլսոյ մէջ թուրք ամբոխը, իբրեւ թէ բողոքելու համար Հրանդ Տինքի սպանութեան դէմ, իջած էր Թաքսիմ հրապարակ…

Առաջին, երկրորդ շարքերուն գտնուող ցուցարարներու բռնած ցողերուն ծայրը ամրացուած տախտակներուն վրայ կային հետեւեալ գրութիւնները. «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք», «Բոլորս հայ ենք», (անշուշտ թրքերէն):

Մարդ միամիտ պիտի ըլլայ հաւատալու այս բոլորին: Այս բազմահազար ցուցարարներուն կազմակերպիչը նոյն ինքն թրքական կառավարութի՛ւնն է… Եւրոպային եւ համայն աշխարհին ցոյց տալու համար, որ իրենք նախկին թուրքերը չեն, քաղաքակրթուած են…

Նոյնանման ցուցատախտակներն ու անոնց վրայի գրութիւնները արտագրուած են գործարանի մը մէջ:

Այս ցուցադրութիւն-բեմադրութիւնը Թուրքիոյ վարկը բարձրացնելու համար կազմակերպուած է: Եւ ըսել կ՛ուզէ. «Թուրքիան ջարդարար, կողոպտող, հրկիզող, ոճրագործ Թուրքիան չէ. դարձած է մարդկային, աշխարհիկ եւ ժողովրդավար»:

Բայց բո՛ւն ողբերգութիւնը այն է, որ հայերս, Հայաստան թէ սփիւռք, միամտաբար կը հաւատանք այս լկտի խաղին` առանց թափանցելու անոր յետին նպատակին:

Տա­կա­ւին 1955-ին, նոյն Պոլ­սոյ շու­կա­նե­րուն մէջ, այս «քա­ղա­քա­կիրթ» ամ­բո­խը` հա­ւա­տա­րիմ իր ար­եան ձայ­նին ու բնազ­դին, քա­նի մը օր­ուան մէջ Պո­լի­սը վե­րա­ծեց աւե­րա­կի` անխ­նայ ջարդ ու փշուր ընե­լով, հրկի­զե­լով, կո­ղոպ­տե­լով հա­յե­րու, յոյ­նե­րու եւ հրեա­նե­րու խա­նութ­նե­րը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES