Ազրպէյճան Անորոշ Ժամանակով Դադրեցուցած Է Ռուսիոյ Կազ Մատակարարելը

gas«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան 13 յունուարէն սկսեալ թեքնիք պատճառներով դադրեցուցած է Ռուսիոյ կազ մատակարարելը: Մատակարարման վերականգնման ժամկէտները յայտնի չեն:

«Կազփրոմ» ընկերութենէն յայտնած են, որ «մատակարարումները դադրեցուած են 13 յունուարի առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Անոնք նշած են, որ պատճառը թեքնիք է, ժամկէտները անյայտ են»:

Դադրեցումէն առաջ Ազրպէյճան Ռուսիոյ կը մատակարարէր օրական երեք միլիոն խորանարդ մեթր կազ:

Share this Article
CATEGORIES